ԵՄ-ի՝ Ռուսաստանի դէմ պատիժներու նոր ծրարին մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայկական «Unibank»-ը

Իւնիպանք

Եւրոպական Միութեան կողմէ Ռուսաստանի դէմ պատրաստուող պատիժներու 20-րդ ծրարին մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայաստանեան «Unibank»-ը։

Պրիւսէլի նպատակն է հարուածել Ռուսաստանի եկամուտներն ու ռազմական կարողութիւնները՝ Ուքրաինայի դէմ շարունակուող պատերազմին պատճառով։

Ի՞նչ կը նախատեսուի

Նոր ցանկին մէջ, 103 կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կարգին, կան նաեւ 2001-ին Հայաստանի մէջ հիմնուած «Unibank»-ը եւ ազերպայճանական «Yelo Bank»-ը։

Եթէ այս որոշումը հաստատուի, յիշեալ դրամատուները պիտի զրկուին ԵՄ-ի հետ ֆինանսական գործարքներ կատարելու կարելիութենէն, իսկ Եւրոպայի մէջ անոնց ունեցած միջոցները (avoirs) պիտի սառեցուին։

Կը նախատեսուի, որ ծրարը վերջնականապէս հաստատուի յառաջիկայ օրերուն՝ Ուքրաինայի պատերազմին տարելիցին ընդառաջ։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն յայտնած է, որ պիտի խստացնեն պայքարը պատիժները շրջանցելու փորձերուն դէմ՝ արգիլելով որոշ ապրանքներու արտածումը, որոնք կրնան անուղղակի ճամբաներով հասնիլ Ռուսաստան։

«Մենք առաջին անգամ ըլլալով պիտի աշխուժացնենք նաեւ պատիժերը շրջանցելու դէմ պայքարը՝ արգիլելով համակարգչային թուային կառավարման մեքենաներու եւ ռատիօընդունիչներու արտածումն ու մատակարարումը, երբ առկայ է այդ արտադրանքը Ռուսաստան վերաարտածելու բարձր վտանգը»,– յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնը։