ԱՄՆ-ու փոխնախագահը մեկնած է՝ լրագրողներուն հետ ամփոփելով հայաստանեան այցելութիւնը
Խօսած է նաեւ Պաքուի հայ գերիներուն մասին
ԱՄն-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս Փետրուար 10-ին աւարտելով Հայաստան այցելութիւնը, կէսօրին մեկնած է Ազերպայճան։ Օդակայանին մէջ, լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին՝ ան ամփոփած է հայաստանեան իր այցէն ունեցած տպաւորութիւնները. “Խաղաղութեան կնքումը մէկ քայլ է, խաղաղութեան պահպանումը՝ յաջորդ քայլը։ Շատ արդիւնաւէտ 24 ժամ ունեցայ հոս։ Շատ ուրախ եմ, թէ ո՛ւր հասած ենք։ Երաշխաւորելով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ տնտեսական անկախութիւնը՝ կարելիութիւն կը ստեղծենք, որ խաղաղութեան համաձայնութիւնը պահպանուի”,– ըսած է ան։
Պաքուի հայ գերիներուն մասին
Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող եւ կամայական պատիժներու դատապարտուած հայ գերիներու ճակատագրին մասին հարցումի մըն ալ պատասխանելով՝ ԱՄՆ-ու փոխնախագահը ըսած է.
“Պաքուի մէջ ձերբակալուածներուն մասին, անշուշտ, խօսք պիտի ըլլայ։ Մենք վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք։ Տարբեր հարցեր պիտի բարձրացուին Պաքուի մէջ։ Կը կարծեմ՝ յաջողութեամբ պիտի շարունակենք հայերուն ու ազերպայճանցիներուն հետ աշխատանքը”։