«Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը կը մնայ խանգարող
Վենս ջնջած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան մասին «X»-ի վրայ կատարած գրառումն ու լուսանկարները
ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս ջնջած է առաւօտեան «X»-ի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցելութեան մասին գրառումն ու լուսանկարները, փոխարէնը տարածելով իր բանբերին գրառումը, ուր սակայն ի տարբերութիւն իր գրառման՝ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը կը բացակայի։
Առաւօտեան Վենսի էջին վրայ յայտնուած գրառման մէջ նշուած էր. «Այսօր փոխնախագահ Վենսը եւ երկրորդ տիկին Ուշա Վենսը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ մասնակցեցան ծաղիկներ զետեղելու արարողութեան՝ յարգելու համար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը»։