«Turkish Airlines»-ի Պոլիս — Երեւան թռիչքները կը սկսին Մարտ 11-ին

Թրքիշ

Անցեալ տարեվերջին գրած էինք, թէ թրքական պետական «Turkish Airlines» ընկերութիւնը որոշած է կանոնաւոր թռիչքներ ապահովել Պոլսէն դէպի Երեւան։ Կը մնար մեկնարկի ճշգրիտ թուականի հաստատումը։

Ներկայիս կը պարզուի, որ թրքական օդային ընկերութիւնը այդ թռիչները պիտի սկսի Մարտ 11-ին: 

Պոլիս — Երեւան — Պոլիս թռիչքներ պիտի ապահովուին ամէն օր, իսկ Մայիս 14-էն՝ այդ թիւը պիտի հասնի շաբաթական 10-ի, Յունիս 15-էն ալ՝ շաբաթական 14-ի: