CCAF−ի ընտրութիւններուն դասերը
CCAF-ի Անհատներու ժողովի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Արդիւնքը խղճալի է, յատկապէս մասնակցութեան համեմատութիւնը՝ 0,32 %, որ կը ներկայացնէ 1587 քուէ՝ 500.000-ի վրայ, եթէ ֆրանսահայ համայնքի թիւը այդքան համարենք։
Այսքան ճղճիմ մասնակցութեան պատճառներուն մէկ մասը խորքային է եւ հետեւանք՝ տասնամեակներու անկազմակերպութեան, անտարբերութեան եւ խորապէս մտածուած ծրագրերու բացակայութեան։ CCAF-ը, ըլլալով ներկայացուցչական մարմին մը, չէ ունեցած անկախ գրասենեակ, ո՛չ դրամագլուխ, ո՛չ տարեկան պիւտճէ, ո՛չ գործադիր տնօրէն, ո՛չ մշակութային եւ ո՛չ ալ կրթական ծրագիր… Ո՛չ ալ կատարած է քարոզչութիւն, որպէսզի CCAF-ի մաս չկազմող հայկական ընկերակցութիւնները քաջալերուին անդամագրուելու եւ անոր ներկայացուցչականութեան աստիճանը զօրանայ։
Արդիւնքի նսեմութիւնը կ՚առնչուի նաեւ CCAF-ի կանոնադրութեան բարեփոխումին։ Այդ բարեփոխումը կատարուեցաւ առանց հայկական ընկերակցութիւններուն հետ խորհրդակցելու եւ առանց հանրային քննարկումի։ Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ այս ընտրութիւնները կը վերաբերէին Անհատներուն, պէտք է արձանագրել, որ տեղի ունեցաւ ո՛չ մէկ շփում հայ հասարակութեան հետ, ո՛չ մէկ հարցախոյզ կատարուեցաւ՝ անոր կարծիքն ու ցանկութիւնները նկատի առնելու համար։
Ինչ կը վերաբերի արդիւնքներուն՝ սկիզբէն իսկ յստակ էր, որ « Unis pour l’Arménie » ցանկը պիտի շահէր, քանի որ անոր պարագլուխները ստանձնած են CCAF-ի համանախագահութիւնը եւ ցանկը կ՚ընդգրկէր Ֆրանսայի երկու մեծագոյն կազմակերպութիւններու նախագահները։ Զարմանալին այն է, սակայն, որ անոնք 1587-էն միայն 989 ձայն ապահովեցին։ Սա եւս կարեւոր ու ցաւալի ցուցիչ մըն է. ֆրանսահայ համայնքի մեծագոյն կազմակերպութիւններու անդամները անտարբեր գտնուած են իրենց ղեկավարներուն կազմակերպած ընտրութիւններուն, մասնակցութեան կոչերուն եւ ներկայացուցած ծրագրին նկատմամբ։
Համանախագահները գոհ են արդիւնքներէն. անոնք մեծամասնութիւն ստացած են, ինչ որ կ՚ամրապնդէ իրենց դիրքը CCAF-ի Ազգային խորհուրդին մէջ։ Անոնք արդէն կը տիրապետէին Կազմակերպութիւններու ժողովին, իսկ հիմա անոր աւելցաւ Անհատներու ժողովը։
Այս ընտրութիւններուն գլխաւոր նորութիւնն էր, ցանկերուն՝ ապագային իրենց կիրարկելիք ծրագրերը առաջադրելը, բան մը, որ նախապէս գոյութիւն չունէր։ Իսկ թէ անոնց բովանդակութիւնը որքա՞ն համոզիչ է, որքա՞ն գործնական եւ որքա՞ն իրագործելի՝ ապագան ցոյց պիտի տայ։
Ինչ կը վերաբերի «Համախմբել, կառուցել, փոխանցել» խմբակին, թէեւ ան փոքրամասնութիւն կազմեց, սակայն յոյսը մեծ է, որ այս առաջին ժողովրդավարական քայլը ապագային դուռ պիտի բանայ աւելի մեծ յառաջդիմութեան։ Ինչպէս ցանկին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Մեզի վստահուած լիազօրութենէն քաջալերուած՝ CCAF-ի Ազգային խորհուրդէն ներս մտադիր ենք բարձրացնել վերանորոգումի ձայնը, որ սկսանք վերջին շաբաթներուն։ Այս ծիրին մէջ, մասնաւոր ուշադրութիւն պիտի դարձնենք արդիական կառավարման հաստատումին, որ հիմնուած ըլլայ թափանցիկութեան եւ մեծ կազմակերպութիւններու մէջ ընդունուած բարեվարքութեան վրայ»։
Այս ընտրութիւններուն տկարութիւններու շարքին պէտք է աւելցնել նաեւ միայն երկու ցանկի մասնակցութիւնը։ 500.000 հաշուող համայնք մը վստահաբար ունի տարբեր շահեր հետապնդող, քաղաքական թեքումներու եւ գունաւորումներու տէր խմբակներ, ինչ որ սակայն, չարտացոլուեցաւ այս ընտրութեան ընթացքին։
Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ ընտրութիւններուն շնորհաւորելի նորութիւններէն էր Ընտրական յանձնախումբի ստեղծումն ու գործունէութիւնը, որ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ յատկանշական քայլ մը կը համարուի։
Ժ.Չ. ■