Արագածոտնի թեմի առաջնորդին նկատմամբ տնային կալանք սահմանուած է
Դատարանը որոշած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ՝ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի նկատմամբ իբրեւ այլընտրանքային միջոց կիրարկել տնային կալանքը։ Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբանը՝ Արա Զօհրապեան։
Ըստ մեղադրանքին՝ Մկրտիչ սրբազանը հոգեւորականներուն պարտադրած է մասնակցիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած հաւաքներուն, ինչպէս նաեւ 2021-ի ընտրութիւններուն հրահանգած է մասնակցիլ քուէարկութեան եւ չքուէարկել ի նպաստ Փաշինեանի խմբակին։ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան մեղադրանքը անհիմն կը համարէ։
Գարեգին Բ-վարչապետին հակամարտութեան մէկ բուռն փուլին, Փաշինեանի պաշտպանած՝ Եկեղեցւոյ բարեկարգման շարժումին միացած նախկին քահանայ Տէր Արամը, Հանրային հեռատեսիլէն՝ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած էր, որ 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, Պռոշեան եպիսկ. զինք եւ միւս հոգեւորականները հարկադրած է մասնակցելու վարչապետին դէմ կազմակերպուած հաւաքներուն։