«Մոսկուան պիտի շարունակէ զարգացնել յարաբերութիւնները թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ»

Փեսքով

Ռուսաստանը մտադիր է շարունակել զարգացնել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազերպայճանի հետ, Փետրուար 11-ին յայտարարած է Քրեմլինը՝ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի Հայաստան եւ Ազերպայճան կատարած այցելութիւններէն ետք։

“Մենք ունինք երկկողմանի յարաբերութիւններու լայն շրջանակ թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ, որոնք կ՚ընդգրկեն կարելի բոլոր ոլորտները։ Անոնք կը բովանդակեն փոխադարձաբար շահաւէտ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւն, փոխադարձ ներդրումներ, մշակութային յարաբերութիւններ եւ այլն”,– ըսած է Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով. “Մենք մտադիր ենք մեր գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները հետագային եւս զարգացնել, որպէսզի անոնք օգտակար ըլլան ոչ միայն մեզի, այլեւ անոնց համար”։

Անդրադառնալով հիւլէական ոլորտին մէջ Հայաստանի ու ԱՄՆ-ու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, որոնք կրնան ճամբայ հարթել ամերիկեան արհեստագիտութեամբ նոր հիւլէակայան կառուցելու համար, Փութինի բանբերը կրկնած է՝ Ռուսաստանը շահեկան դիրք ունի Հայաստանի նոր հիւլէակայանի կառուցման մրցոյթին մէջ։

“Որպէս այս ոլորտին մէջ աշխարհի ամենաառաջադէմ երկիրը՝ Ռուսաստանը կրնայ դիմակայել միջազգային մրցակցութեան ամենաբարձր մակարդակին։ Ռուսաստանը կրնայ ապահովել աւելի լաւ որակ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին՝ աւելի ցած գինով”,– պնդած է Փեսքով։

Երեւանը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած, թէ ո՛ր երկրին նախապատւութիւն պիտի տայ Մեծամօրի հիւլէակայանին փոխարէն նոր կայանի նախագծման ու կառուցման հարցին մէջ։