Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պիտի չմիանայ Շուշիի հռչակագիրը դատապարտող յայտարարութեան

Փետրուար 21-ին, ՀՀ Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովը արտակարգ նիստով քննարկած է «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած «Շուշիի Հռչակագիր»-ի վաւերացման առնչութեամբ ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը: Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան մօտեցումը ներկայացուցած է երեսփոխան Գուրգէն Արսէնեան, որ յայտարարած է թէ՝ խմբակցութիւնը պիտի չմիանայ «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեան՝ պատճառաբանելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը արդէն իսկ իր դիրքորոշումը յայտնած է: Ի պատասխան «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արմէն Ռուստամեանի հարցումին, թէ ի վերջոյ ընդունելի՞ է իշխանութեան համար այս հռչակագիրը, Արսէնեան դիտել տուած է, որ իրենք ունին իրենց մօտեցումները, որոնցմով կը յառաջանան: “Մենք կ’իրականացնենք այն քաղաքականութիւնը, որ նպատակայարմար կը գտնենք։ Ան խաղաղութեան հաստատումն է”,– աւելցուցած է Գուրգէն Արսէնեան: