Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՒՍՏՐԻԱ. Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու երկրորդ հանդիպումը

Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ բանագնացներ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են, թէ յատուկ բանագնացները վերահաստատած են, որ բանակցութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ամբողջական կարգաւորումն է, ինչպէս համաձայնած էին Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպումին:

Անոնք միտքեր փոխանակած են այդ կապակցութեամբ միասնաբար շօշափելի կարելի քայլերու ձեռնարկելու շուրջ եւ վերահաստատած են իրենց համաձայնութիւնը՝ գործընթացը շարունակելու, առանց նախապայմաններու: