Ըստ թրքական մամուլին՝ ընթացքի մէջ են Մարգարայի անցակէտի բացման նախապատրաստական աշխատանքները
Թրքական թերթերը կը գրեն, որ երկիրը նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի Մարգարայի սահմանային անցակէտի բացման ուղղութեամբ։
Վերջերս Հայաստան աւարտած էր անցակէտի իր կողմի աշխատանքները՝ նոր ճամբաներով, ենթակառոյցներու բարելաւմամբ եւ հսկիչ կէտերով, իսկ այժմ Թուրքիա եւս կը կատարէ նոյնը։
Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ տարածքին մէջ կ՚ընթանան ենթակառոյցներու նորոգման եւ շինարարական աշխատանքներ։
Թերթերը կը գրեն նաեւ, որ Մարգարայի անցակէտը կը նախատեսուի բանալ նախ բեռնափոխադրումներու, աւելի ուշ՝ ճամբորդներու փոխադրութեան համար։ ■
