Հայաստանի ու TRIPP ծրագրին հանդէպ հետզհետէ կ’աճի ու կը խորանայ

Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան յայ­տա­րարած էր, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի ար­ձա­նագ­րուի նոր ըն­կե­րու­թիւն մը՝ «TRIPP» անու­նով։

Ան պի­տի ըլ­լայ հայ-ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւն մը, որուն պի­տի տրուի «Թրամ­փի եր­թուղի»-ի («Trump Route for International Peace and Prosperity» – TRIPP) գոր­ծարկման առնչուող բո­լոր անհրա­ժեշտ են­թա­կառոյցնե­րը զար­գացնե­լու իրա­ւունքը։ Այդ իրա­ւունքնե­րը կ՚ընդգրկեն ներդրումներ կա­տա­րել՝ եր­կա­թու­ղի­ներու, մայ­րուղի­ներու, նաւ­թի ու կա­զի խո­ղովա­կաշա­րերու եւ ման­րա­թելա­յին (fibre optique) մա­լուխնե­րու զար­գաց­ման ուղղու­թեամբ։

Կը նա­խատե­սուի TRIPP-ի գոր­ծարկու­մը սկսիլ 2026-ին։ Վեր­ջերս ամե­րիկեան պա­տուի­րակու­թիւն մը այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան՝ քննար­կե­լու ծրագ­րին իրա­գործման վե­րաբե­րող ման­րա­մաս­նութիւններ։

Հա­յաս­տան աս­տի­ճանա­բար կը վե­րածուի տա­րածաշրջա­նի կեդ­րո­նին։ Բո­լոր կա­րեւոր առեւտրա­յին ու­ղի­ները՝ թէ՛ «Հիւ­սիս-Հա­րաւ»-ը եւ թէ՛ «Արե­ւելք-Արեւ­մուտք»-ը, պի­տի անցնին Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով։

ԱՄՆ-ու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է TRIPP-ի վե­րաբե­րեալ քննար­կում,

որուն մաս­նակցած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի դես­պաննե­րը

Ինչպէս կը պար­զուի ԱՄՆ-Ազեր­պայճան առեւտրա­կան պա­լատի (USACC) յայ­տա­րարու­թե­նէն՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի դես­պաններ՝ Նա­րեկ Մկրտչեան եւ Խա­զար Իպ­րա­հիմ մաս­նակցած են TRIPP նա­խաձեռ­նութեան նուիրուած «կլոր սե­ղան»-ի ձե­ւաչա­փով քննարկման։

Միայն թէ՝ նկատեցինք, որ նշեալ հան­դիպման մե­զի հա­սանե­լի բո­լոր նկար­նե­րէն՝ ԱՄՆ-ու եւ Ազերպայճանի դրօշներու կողքին բա­ցակայ է հայկականը, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ TRIPP ծրագիրը ազեր­պայճանա-ամերիկեան է։ Թե­րեւս երե­ւոյ­թը ու­նի իր բա­ցատ­րութիւ­նը, որ սա­կայն այժմ կը վրի­պի մեզմէ։ Իսկ հակառակ պարագային՝ նախադէպը կրնայ լուրջ ցուցիչ մը ըլլալ մտահոգիչ յետին նպատակներու։