«Մեկա Թրէյտ»-ը ազերպայճանական պենզինը պիտի վաճառէ շուկայականէն աւելի ցած գինով
«Մեկա Թրէյտ» ընկերութիւնը ազերպայճանական AI-95 «փրեմիում» տեսակի պենզինը պիտի վաճառէ լիթրը 440 դրամով, որ զգալիօրէն աւելի ցած է ներկայ շուկայական 520 դրամէն։
Ընկերութիւնը Ազերպայճանէն գնած է մօտաւորապէս 600 թոն «փրեմիում» պենզին։ Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է ընկերութեան տնօրէն Կարէն Հայրիեան։
Հա՞րկ է նշել, որ մինչ երեւոյթը կ՚ողջունեն հայ աշխարհի որոշ շրջանակներ ըստ որոնց՝ դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւոր նոր ցուցիչ մըն է այս, ուրիշներ զայն կը նկատեն նոր դաւաճանութիւն մը, դրացի թշնամի պետութեան գանձանակը լեցնելու քայլ մը։
Պապոյեան. «Յառաջիկային Ազերպաճանէն ոչ միայն նոր ներածում կարելի է, այլեւ՝ Հայաստանէն դէպի Ազերպայճան արտածում»
Դեկտեմբեր 28-ին, Գառնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարած է, որ յառաջիկային Ազերպայճանէն ոչ միայն նոր ներածում կարելի է, այլեւ՝ Հայաստանէն դէպի Ազերպայճան արտածում։
“Ոչ միայն ներածում կարելի է, այլ նաեւ՝ արտածում։ Այս պահու դրութեամբ բաւական մրցունակ գին ստացած ենք վրացական երկաթուղիէն, հետեւաբար կարելիութիւնները շատ են։ Ինչպէս սովորաբար եղած է՝ իրենք յայտարարած են, մենք հաստատած ենք։ Անգամ մը եւս, կը կարծեմ, վրացական եւ ազերպայճանական կողմերը նոր եւ յաջող գործարքի մասին պիտի յայտարարեն, դուք ալ մեզի հարցում պիտի յղէք, մենք ալ պիտի հաստատենք”,– ըսած է Պապոյեան։
Նախարարը թուարկած է ապրանքներու ցանկը, որոնք Հայաստանէն կրնան արտածուիլ Ազերպայճան՝ ալիւմինիոմ, ալիւմինիոմէ թիթեղ (փայլաթիթեղ), ֆերոմոլիպտեն, պտուղ-բանջարեղէն, որոշ տեսակի խմիչքներ, տարբեր տեսակի հիւսուածեղէնի արտադրանքներ։
Գառնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Դեկտեմբեր 28-ին մատուցուած կիրակնօրեայ Պատարագին մասնակցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
