Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Գարնան տօներուն նուիրուած ձեռնարկ՝ Ստեփանակերտի մէջ

Մարտ 7-ին, Ստեփանակերտի «Շառլ Ազնաւուր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է գարնանամուտի եւ գարնան տօներուն նուիրուած ձեռնարկ մը, ղեկավարութեամբ՝ Արցախի Պետական համալսարանի պատմութեան եւ իրաւագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի Արմինէ Առստամեանի։ 

“Պատմական հանգամանքների բերումով դարեր ի վեր Արցախը դարձել է  թշնամիների յաւակնութիւնների թիրախ։ Եւ Արցախցին ստիպուած է եղել մի ձեռքով ստեղծել, կերտել, իսկ միւս ձեռքով պաշտպանել այն, կամ էլ երբեմն ստիպուած է եղել վերակերտել ստեղծածը։ Արցախեան ժողովրդական իմաստութիւնը շատ խորն է, բնական ու ապրուած, զգացած ու յաղթահարուած։ Այսօր Արցախի ապագան մշուշոտ է, եւ մենք շատ հարցերի պատասխանները պէտք է փնտռենք ժողովրդական իմաստնութեան ու բանահիւսութեան մէջ”,– նշած է Առստամեան եւ կոչ ուղղած բոլորին միասնական ուժերով  լծուելու Արցախի շէնացման գործին։ Պետական համալսարանի ուսանողները հանդէս եկած են բանաստեղծական ու երաժշտական կատարումներով, իսկ «Շառլ Ազնաւուր» կեդրոնի սաները`  ժողովրդական պարով։