Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան յանձնաժողովի գլխաւոր բանբեր Փեթեր Սթանօ մտահոգութիւն յայտնած է՝ Հայաստանէն Արցախ մատակարարուող կազի խողովակին կրկին անգամ խափանման կապակցութեամբ։
«Անհրաժեշտ է անմիջապէս վերսկսիլ կազի մատակարարումը տեղւոյն տուժած բնակչութեան։ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՚ընէ վերահսկող մարմիններուն վերսկսելու կազամատակարարումը, յատկապէս ներկայի սառնամանիքի պայմաններուն մէջ»,– Թուիթըրի իր էջին գրած է Փեթեր Սթանօ, որ ի դէպ, ամենայն բծախնդրութեամբ, «Ստեփանակերտ» տեղանունին չէ մոռցած կցել հայկական մայրաքաղաքին ազէրպայճանական անուանումն ալ՝ «Խանքենտի»։