Ընտրական «զօրաշարժ» Ռուսաստանէն. 80 հազար քուէ եւ միլիոնաւոր ռուբլիներ՝ Երեւանի իշխանութիւնը տապալելու բեմագրութեամբ
Դանիէլ Իոաննիսեան
«Անկախ դիտորդ» դաշինքի անդամ եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութեան համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսաստանը կը ծրագրէ իշխանափոխութիւն իրականացնել Հայաստանի մէջ։ Ըստ Իոաննիսեանի՝ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը (ФСБ — նախկին KGB) ճնշում կը բանեցնէ Ռուսաստանի մէջ ապրող հայազգի գործարարներուն վրայ՝ պարտադրելով անոնց գանձատրել շուրջ 80 հազար հայաստանցի ընտրողներու տեղափոխումը Հայաստան՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստոյգ քաղաքական ուժի մը ի նպաստ քուէարկելու համար։ Աւելին, տեղափոխման ծախսերէն զատ, իւրաքանչիւր ընտրողի կը խոստացուի 100 հազար ռուբլի ընտրակաշառք։
Այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ, հասարակական կազմակերպութիւնը արդէն յանցագործութեան մասին պաշտօնական հաղորդում ներկայացուցած է Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան՝ ընդդէմ ռուսական գաղտնի սպասարկութեան։ Իոաննիսեան կը նշէ, որ իրենք այս տուեալները հաւաքած են տարբեր աղբիւրներէ, ներառեալ՝ անմիջականօրէն այն գործարարներէն, որոնք ենթարկուած են ճնշումներու։ Ընտրողներու զօրաշարժը կազմակերպելու համար արդէն իսկ մեծ թիւով հանրակառքեր նախապէս վարձուած են Հայաստանի մէջ՝ Յունիս ամսուան սկիզբը ժամանողները դիմաւորելու եւ տեղափոխելու նպատակով։ Այս բացայայտումները կու գան հաստատելու Հայաստանի Արտաքին հետախուզական ծառայութեան նախապէս կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն «երկրի մը մէջ» ճնշումներ կը բանեցուին հայ գործարարներու վրայ՝ նախընտրական գործընթացներուն գանձատրմամբ միջամտելու համար։
Անդրադառնալով այս զարգացումներուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Վահագն Յովակիմեան պարզաբանած է, որ եթէ որեւէ կուսակցութիւն ընտրական օրէնսգիրքի շարունակական եւ կոպիտ խախտումներ կատարէ, ԿԸՅ-ն իրաւունք ունի դիմելու դատարան՝ տուեալ քաղաքական ուժը ընտրութիւններէն դուրս մղելու եւ անոր արձանագրութիւնը անվաւեր նկատելու պահանջքով։
