ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդի Մարտ 31-ին կայացած 49-րդ նիստին ընդհանուր համաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի կողմէ առաջարկուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձևը:
ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ բանաձևը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայի վտանգներն ու մարտահրաւէրները, նախանշած է այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն գործադրուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, հատուցման, մեղաւորները պատժելու և հաշուետւութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:
Այս տարի բանաձեւը առաջադրած է հակամարտութեան վտանգներու գնահատման եւ անոնց արգիլման ուղղուած քայլերու ձեռնարկել,– յատկապէս ընդգծելով նոր արհեստագիտութիւններու չարաշահումը, ներառեալ` ընկերային հարթակներու միջոցով ապատեղեկատւութեան տարածման վտանգները,– կը վերահաստատէ ցեղասպանութեան ոճիրը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագրի համընդհանուր վաւերացումն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կ՚առաջարկէ ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ կազմակերպել համաժողով մը, նուիրուած՝ Մարդկութեան դէմ ոճիրներու անժամանցելիութեան եւ կանխարգիլման վերաբերեալ համաձայնագրի 75-ամեակին: Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ քննարկել ընկերային հարթակներու չարաշահումը եւ զանոնք որպէս ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը: