Բարեփոխումներու նպատակներէն մէկը արհեստավարժ բանակի ստեղծումն է
Ապրիլ 2-ին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Զինեալ ուժերու նախարարութեան սպառազինութեան գլխաւոր վարչութեան պատուիրակութեան հետ։
Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր վերոնշեալ վարչութեան՝ Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ուքրաինայի, Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի բաժանմունքի պատաստանատու, փոխգնդապետ Մարի-Անիէս Շեսէլ-Փիքար։
Հանդիպումին, պատուիրակութեան խնդրանքով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ներկայացուցած է ռազմական բնագաւառին մէջ կատարուող բարեփոխումները: Գրիգորեան նաեւ մանրամասնած է բարեփոխումներու ռազմավարական նպատակները, ընդգծելով որ՝ նման լայնածաւալ բարեփոխումներու նպատակներէն է՝ արհեստավարժ բանակի ստեղծումը:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են բանակի բարեփոխումներու ծիրին մէջ երկկողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Մասնաւորապէս ընդգծուած է ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնը: