Զարեհ Սինանեան. «Իրանահայերուն հետ կապ հաստատել միշտ կարելի չ՚ըլլար, սակայն դէպի Հայաստան արտակարգ հոսք չկայ»

Զարեհ Սինանեան

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին յայտնած է, որ իրանահայերու դէպի Հայաստան արտակարգ հոսք կամ զանգուածային տեղափոխութիւն առայժմ չէ արձանագրուած։ Ան նշած է, որ պետական մարմինները մշտապէս կը փորձեն կապ պահպանել Իրանի տարբեր շրջաններուն մէջ բնակող հայերուն հետ, սակայն ստեղծուած պայմաններուն մէջ այդ մէկը միշտ չէ որ կը յաջողի։

“Երբեմն-երբեմն կը յաջողինք կապ հաստատել, բայց մշտապէս՝ ո՛չ”,– ընդգծած է Սինանեան՝ աւելցնելով, որ մարդիկ գլխաւորաբար իրենց տուներուն մէջ կը մնան՝ հրթիռակոծումներէն եւ այլ հարուածներէն պաշտպանուելու նպատակով։ Նշենք, որ պատերազմի սկիզբէն իսկ Իրանի մէջ համացանցի հասանելիութեան լուրջ խափանումներ կ՚արձանագրուին, ինչ որ կը դժուարացնէ հաղորդակցութիւնը։ Ըստ Սինանեանի՝ լուրեր կը շրջին երկու հայերու թեթեւ վիրաւորուելուն մասին, սակայն անոնց պարագան տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատուած։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակումները Իրանի դէմ կը շարունակուին։ Իբրեւ հակադարձութիւն՝ Թեհրան իր կարգին կը թիրախաւորէ Իսրայէլն ու Միջին Արեւելքի այն երկիրները, ուր ամերիկեան ռազմակայաններ տեղակայուած են։ Ստեղծուած ռազմական այս լարումին լոյսին տակ, վերջին օրերուն տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ Իրանը կը լքեն Հայաստանի հետ սահմանային անցակէտի ճամբով։