«Շաւարշ Միսաքեան» հրապարակը պիտի վերանուանուի «Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեան»
Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Փարիզ 9-րդի թաղապետուհի, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհրդական Տելֆին Պիւրքլի եւ Փարիզի քաղաքապետութեան՝ Յիշողութեան եւ մարտիկներու աշխարհի հարցերու խորհրդական Ալեքսի Կէօվճեան կը կազմակերպեն Ուրբաթ, Ապրիլ 22, ժամը 10.30-ին, 9-րդ թաղամասի «Շաւարշ Միսաքեան» հրապարակին վրայ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն։
Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ լոյս տեսած հայալեզու միակ օրաթերթին՝ «Յառաջ»-ի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեան, եւ անոր գործը շարունակած աղջիկը՝ Արփիկը, աշխուժօրէն մասնակցած են Ցեղասպանութեան յիշատակի պահպանման, զարգացման ու փոխանցման։
Հետեւաբար, այս ոգեկոչման ընթացքին Տելֆին Պիւրքլի պիտի անդրադառնայ նաեւ Ֆրանսահայոց ինքնութեան եւ յիշողութեան հետ թէ՛ առանձնայատուկ, թէ՛ ամուր կապեր ունեցող այս թաղամասի նշեալ հրապարակին ապագայ վերանուանակոչման, որ այնուհետեւ պիտի կրէ Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի անունը։ Թաղապետուհին այսպէսով՝ այս բացառիկ տիկնոջ յարգանքի տուրք մատուցելու իր ցանկութիւնը իրագործած պիտի ըլլայ։ Նշենք, որ այս «մաղթանք»-ը (ֆրանսերէնով՝ vœu) միաձայնութեամբ քուէարկած էին թէ՛ 9-րդ շրջանի խորհուրդը, թէ՛ ալ Փարիզի խորհուրդը, 2021 Նոյեմբերին։
Փարիզի հրապարակներու, փողոցներու եւ այլ տարածքներու անուանակոչման յանձնաժողովին հետ խորհրդակցելէ ետք, Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամները, 2022 Մարտ 23-ի լիագումար նիստին նոյնպէս միաձայնութեամբ հաստատած են հրապարակին նոր անուանումը՝ «Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեան»։
Աւելցնենք, որ նշեալ հրապարակը կը գտնուի 9-րդ թաղամասի՝ Montholon եւ La Fayette փողոցներու խաչմերուկին։ ■