Մեծարանքի երեկոյթ՝ ի պատիւ Նորվան արք. Զաքարեանի
Եշիա եպիսկ. Եղիայեան «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով կը պատուէ Նորվան արք. Զաքարեանը
Փարիզի մէջ, մեծարանքի երեկոյթ՝ ի պատիւ ֆրանսահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի
Շաբաթ, Մարտ 21-ին, Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծխական սրահին մէջ, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը՝ ի մեծարանս Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի: Լեփ-լեցուն սրահին մէջ ներկայ էին Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանը, միութենական բազմաթիւ պատասխանատուներ եւ խանդավառ հանրութիւն մը՝ համախմբուած պատուելու համար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորը:
Անոնք եկած էին մեծարելու հաւատքի, համոզումի, արիութեան եւ յարատեւութեան տէր հոգեւորական մը, որ անխոնջ կերպով եւ խոնարհութեամբ ծառայած է գաղութին՝ կիսելով անոր ուրախութիւններն ու վիշտերը: Նորվան Սրբազանը յաճախ քալած է հոսանքին հակառակ՝ անդադար շեշտելով մշակոյթի, մայրենի լեզուի եւ նոր սերունդներու կրթութեան կենսական կարեւորութիւնը՝ սփիւռքի մէջ հայութիւնը լիարժէք ապրելու: Որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի անդրանիկ առաջնորդ՝ ան չէր վարանած հրաժարական ներկայացնելու իր պաշտօնէն, երբ Կաթողիկոսի պահանջները հակասած էին իր համոզումներուն եւ ֆրանսահայ գաղութի գործերը վարելու իր սկզբունքներուն:
Յակոբ Թալաթինեանի բարիգալստեան խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Նարինէ Զախարեան-Ֆովի հեղինակած «Կեանք մը՝ ի սպաս եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմագին ծափողջոյններուն: Ժապաւէնին մէջ շարք մը անձնաւորութիւններու եւ մտաւորականներու վկայութիւններով կը դրուատուէր Սրբազան հօր կեանքն ու յանձնառութիւնը՝ ուրուագծելով դիմանկարը մարդու մը, որուն գործունէութիւնը խորապէս դրոշմած է ոչ միայն հայ համայնքը, այլեւ ֆրանսական կրօնական եւ միջեկեղեցական դաշտը:
Վաւերագրական ժապաւէնը կ՚արձանագրէր Նորվան Սրբազանի կեանքի անկիւնադարձային պահերը:
Կան փորձառութիւններ, որոնք արմատապէս կը վերաձեւաւորեն մարդու մը գոյութիւնը. Սրբազանին համար այդ մէկը Ասիզի հանդիպումն էր: Որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, այդ պատմական միջեկեղեցական հաւաքին, ան բազմած էր Բենեդիկտոս ԺԶ. պապին կողքին եւ ելոյթ ունեցած՝ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած պատուիրակներուն առջեւ: Սակայն, ինչպէս ինք կը վկայէ, յայտնութիւնը տեղի ունեցաւ լռութեան մէջ: Այնքան տարբեր աւանդութիւններէ եկող հաւատացեալներու կողքին ապրուած միասնական խոկումը անոր ներշնչեց այն խոր ու յարատեւ համոզումը, թէ խաղաղութիւնը հնարաւոր է բառերէն անդին: Ոչ թէ հանդիսաւոր յայտարարութիւններէն, այլ՝ կիսուած ամփոփումէն ծնող խաղաղութիւնը: Անկէ ետք ան համակուեցաւ նորոգուած յոյսով եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ի սպաս գործելու վճռակամութեամբ:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ֆրանսահայութեան սիրելի երգիչ Վիգէն Դարբինեանը, որ անակնկալ կերպով մեկնաբանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութեան իր յօրինած երաժշտական տարբերակն ու «Թռչէի մտքով տուն»-ը:

Յաջորդեց մտաւորական եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեանը՝ ներկայացնելով հոգեւորականը իր թողած ժառանգութեան ընդմէջէն: Եկաւեան հնչեղ դրուատիքով մը անդրադարձաւ ֆրանսահայութեան այս խորհրդանշական դէմքին՝ կեդրոնանալով անոր շինարարի, տեսլականի տէր առաջնորդի եւ հոգեւոր ուղեցոյցի արժանիքներուն վրայ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն եկեղեցականը, որ յաջողեցաւ Եկեղեցին յարմարցնել աքսորի մարտահրաւէրներուն եւ պահպանել հայկական ինքնութիւնը՝ յատկապէս մայրենի լեզուի պաշտպանութեան եւ տարագրութեան եզակի աստուածաբանութեան մը մշակման միջոցով:
Ապա խօսք առաւ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեանը, որ իր կարգին բարձր գնահատեց Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի վաստակը: Ան ընդգծեց, որ Հայ կաթողիկէ համայնքին համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վաստակաշատ առաջնորդին նուիրուած այս մեծարանքի երեկոյթը: Իբրեւ երախտագիտութեան նշան իր հոգեւոր առաքելութեան եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան բերած նպաստին՝ ան Սրբազանին յանձնեց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:

Վերջաւորութեան, Նորվան Սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ՝ հաղորդելու իր սրտի խօսքը: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կաթողիկէ համայնքի կազմակերպիչ մարմինին, Նարինէ Զախարեան-Ֆովին, իր անձին դրական արտայայտուողներուն եւ ներկայ հանրութեան, ան վերյիշեց իր մանկութեան տարիները, երբ տարեդարձ տօնելու սովորութիւն չկար եւ հետեւաբար մեծարանքի այս երեւոյթը անակնկալ մըն էր իրեն համար, որուն վարժ չէր:
Սրբազանը շարունակեց իր խօսքը՝ ըսելով. “Ըրածս պարզապէս լումայ մը ձգել էր մեր հոգեւոր եւ մշակութային գանձարանին մէջ։ Ես ոչինչ կրնայի ընել առանց ինծի աջակցող անձերուն. իմ մեծարանքս անոնց կ՚ընծայեմ։ Իսկապէս երախտագէտ եմ բոլորին. ինչ որ ըրած եմ՝ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օրհնութեամբ եղած է։ Ուրախ եմ, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուին անոնցմէ Գրիգոր Պըլտեանն ու Սահակ Սուքիասեանը, ինչպէս նաեւ Տիգրան Եկաւեանը, զոր ես անձամբ գրկած եմ մկրտութեան աւազանին առջեւ որպէս կնքահայր”։
Անդրադառնալով դպրոցաշինական աշխատանքներուն՝ Սրբազան հայրը շեշտեց. “Կը հաւատամ, որ սփիւռքի մէջ մեր հայկական յարատեւութիւնը պիտի ապահովենք հայ լեզուի վերակենդանացումով։ Ես երբեք չեմ ընդունած, որ զոհը շարունակէ դահիճին կիսատ ձգած գործը։ Ֆիզիքական ջարդերուն զուգահեռ, ոչնչացուեցաւ հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ մեր լեզուն։ Ի՞նչ տեսակ մարդ պիտի ըլլամ, եթէ ընդունիմ շարունակել այդ կիսատ գործը։ Մեր հայապահպանութեան խնդրին հանգոյցը լեզուն է՝ անոր գործածութիւնն ու վերակենդանացումը։ «Հոգին կարեւոր է, լեզուն կարեւոր չէ» ըսուածը սխալ է. մէկը միւսով պայմանաւորուած է։ Առանց լեզուն խօսելու՝ հողաշերտը պարզապէս հող մըն է, ուր լոլիկ կը բուսնի։ Պէտք է մեր ամբողջ ղեկավարութիւնը անդրադառնայ այս իրողութեան եւ լուծման ճար մը գտնէ. մենք պէտք է մերժենք գործուած այս աղէտը”։
Ան յիշատակեց նաեւ Ալֆորվիլի դպրոցի կառուցման դժուարին հանգրուանները. “Երբ 2009-2010 թուականներուն յանձնախումբ կազմուեցաւ Ալֆորվիլի դպրոցի ծրագիրը իրագործելու համար, ես հոգեւորական ծառայութեանս մէջ նման մեծ նախաձեռնութեան մը չէի սկսեր առանց Աստուծոյ արտօնութեան։ Ներհայեցողական աղօթքի մը պահուն Աստուծոյ յանձնեցի այդ ծրագիրը. երկինքէն պատասխանը դրական էր, բայց գործը սկսաւ դանդաղիլ ու մարդոց խօսակցութեան նիւթ դառնալ։ Վերստին աղօթքի մտայ՝ հարցնելով. «Ո՜վ Տէր, դուն ինձմէ կը սպասես որպէս եկեղեցական Քրիստոսի աւետարանումը կատարել, մինչ ես հայ լեզուի համար դպրոց շինելու ազգային գործով կը զբաղիմ։ Սխալի՞ մէջ եմ արդեօք. եթէ այո՛, ճամբայ ցոյց տուր որ հրաժարիմ»։ Չէք հաւատար, հոգեւոր կեանքի անբացատրելի ճամբաներով երկինքէն պատասխանը եկաւ. «Մի՛ մոռնար, որ թշնամին որոշած էր երկրէն սրբել լեզուդ. պիտի կորսնցնէի՞ր թէ՛ լեզուդ, թէ՛ փրկչախօսական վարդապետութիւնդ, որ կեանքի՛ վարդապետութիւն է։ Դուն կ՚ուզես մահացող լեզուդ վերակենդանացնե՞լ. ունիս իմ օրհնութիւնս, մի՛ վհատիր, նախաձեռնէ՛ եւ անպայման յաջողութեամբ պիտի պսակուի»։ Նոյնիսկ զգացի, որ ըսաւ. «Եթէ լքես այս ծրագիրը, ականջդ կը քաշեմ»։ Անկէ ետք մտանք աւելի դժուար ժամանակաշրջան մը, բայց յանկարծ յայտնուեցաւ պրն Գէորգ Արապեանը, եւ ամբողջ հարցերը լուծուեցան։ Նետուեցանք գործին մէջ հսկայական խանդավառութեամբ. այսօր փառք Աստուծոյ երկրորդ շէնքն ալ աւարտած է, կը մնայ մանկապարտէզի բաժինը, որուն համար կը յուսամ՝ Աստուած դարձեալ պիտի օգնէ մեզի”։
Աւարտելով իր խօսքը, Նորվան Սրբազան պատգամեց. “Լեզուի պահպանման աշխատանքը մի՛ սպասէք որ դիմացէն կամ ուրիշէն գայ. ան իւրաքանչիւր հայու գործն է։ Թող Աստուած ողորմի մեզի եւ յատկապէս փրկէ վտանգուած արեւմտահայերէնը, որպէսզի վերակենդանանայ մեր ոսկեղինիկ ու սքանչելի լեզուն”։
«ՆՅ» ■
