Քոչարեան. «Խաղաղութեան մասին կը խօսին մարդիկ, որոնք…»

Քոչարեան

Խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րէն եր­կուքու­կէս ամիս առաջ, քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը կը դիր­քա­ւորուին իշ­խա­նու­թեան կող­մէ առաջ քա­շուած «պա­տերազ­մի ու­րուական»-ին շուրջ: Մինչ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան կը հա­ւաս­տէ, թէ պա­տերազ­մի դու­ռը ամուր փա­կուած է եւ այժմ խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տուած է, ընդդի­մու­թիւնը կը պնդէ, թէ նոր պա­տերազմ չի փա­փաքիր, այլ կը ձգտի «ու­րիշ, աւե­լի ար­ժա­նապա­տիւ խա­ղաղու­թեան»։

Բա­նավէ­ճը սրա­ցաւ, երբ վար­չա­պետ Փա­շինեան յայ­տա­րարեց, թէ Ռո­բերտ Քո­չարեանի, Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի եւ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանի ղե­կավա­րած ու­ժե­րը կը փոր­ձեն վե­րանա­յիլ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ հաս­տա­տուած խա­ղաղու­թիւնը: “Այդ ու­ժե­րը կը խօ­սին խա­ղաղու­թիւնը վե­րաբա­նակ­ցե­լու եւ ու­ժա­յին եղա­նակով պար­տադրե­լու մա­սին։ Սա ուղղա­կի կը նշա­նակէ ոչ միայն դու­ռը բա­նալ պա­տերազ­մի դի­մաց, այ­լեւ՝ զայն ան­խուսա­փելի դարձնել”,– շեշ­տեց վար­չա­պետը՝ զգու­շացնե­լով, որ ընդդի­մու­թեան յաղ­թա­նակի պա­րագա­յին նոր պա­տերազ­մը կրնայ բռնկիլ նոյ­նիսկ այս աշ­նան: Ան ընդդի­մադիր ու­ժե­րը որա­կեց «օտար եր­կիրնե­րու գոր­ծա­կալ­ներ» եւ աւել­ցուց, որ անվտան­գութեան երաշ­խա­ւոր­ներ փնտռե­լու անոնց խօ­սոյ­թը պար­զա­պէս եր­կիր օտար խա­ղաղա­պահ­ներ մտցնե­լու փորձ մըն է։

Այս մե­ղադ­րանքնե­րուն կոշտ հա­կադար­ձեց Հա­յաս­տա­նի երկրորդ նա­խագահ եւ «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի վար­չա­պետի թեկ­նա­ծու Ռո­բերտ Քո­չարեան՝ Աշ­տա­րակի մէջ քա­ղաքա­ցինե­րու հետ ու­նե­ցած իր հան­դի­պու­մին ըն­թացքին. “Մեր ժո­ղովուրդին գլխուն երեք պա­տերազմ բե­րած մար­դը իրա­ւունք չու­նի «խա­ղաղու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծելու։ Իմ նա­խագա­հու­թեանս օրօք նոյ­նիսկ մի­ջին չա­փի սահ­մա­նային մի­ջադէպ չէ ար­ձա­նագ­րուած։ Ան­հե­թեթու­թիւնն ալ չափ ու սահ­ման պէտք է ու­նե­նայ”։

Քո­չարեանի հա­մոզու­մով՝ իշ­խա­նու­թիւնը դիտ­մամբ պա­տերազ­մի վախ կը սրսկէ ժո­ղովուրդին՝ քուէներ կոր­զե­լու նպա­տակով: “Սա ամէ­նէն վտան­գա­ւոր եւ ամէ­նէն ստոր­նա­ցու­ցիչ թեզն է. ժո­ղովուրդին գլխուն Ալիեւով սար­սափ կը ստեղ­ծեն”,– նշեց ան: Երկրորդ նա­խագա­հը ընդգծեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել նոր պա­տերազ­մէ խու­սա­փելու հա­մար, սա­կայն այդ չի նշա­նակեր խա­ղաղու­թիւն մու­րալ միակող­մա­նի զի­ջումնե­րով, այլ՝ կը պա­հան­ջէ ար­ժա­նապա­տիւ դի­ւանա­գիտու­թիւն եւ երաշ­խա­ւորուած խա­ղաղու­թիւն: Անոր կար­ծի­քով, Փա­շինեան չի փնտռեր խա­ղաղու­թեան իս­կա­կան երաշ­խիքներ, քա­նի կ՚ու­զէ, որ այդ խա­ղաղու­թիւնը կա­պուած ըլ­լայ բա­ցառա­պէս իր անուան եւ իշ­խա­նու­թեան պահ­պանման հետ:

Անդրա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի մէջ ռուս խա­ղաղա­պահ­նե­րու կրա­ւորա­կանու­թեան մա­սին Փա­շինեանի քննա­դատու­թեան, Քո­չարեան պար­զա­բանեց. “Խնդի­րը այն չէ, որ երաշ­խա­ւոր­նե­րը չեն գոր­ծած, այլ այն՝ որ Փա­շինեան ինք խախ­տած է հա­մաձայ­նութիւննե­րը: Երբ Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խը ճանչցաւ որ­պէս Ազեր­պայճա­նի մաս, Ար­ցա­խը Պա­քուի հա­մար դար­ձաւ ան­ջա­տողա­կան միաւոր, իսկ Պաշտպա­նու­թեան բա­նակը՝ ահա­բեկ­չա­կան ստո­րաբա­ժանում, իր բո­լոր ծանր հե­տեւանքներով”։

What do you feel about this?