Գարեգին Բ. «Եկեղեցւոյ դէմ կատարուող պառակտիչ գործողութիւնները շահեկան արդիւնք պիտի չունենան»

Գարեգին Բ.

«Այսօր Եկեղեցւոյ դէմ կատարուող պառակտիչ գործողութիւնները չունին որեւէ արդարացում եւ պիտի չունենան շահեկան արդիւնք»։ Այս մասին իր Ամանորի ուղերձին մէջ յայտարարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.։

“Անցնող տարին ազգիս համար լի էր տագնապալի իրադարձութիւններով՝ հասարակութեան մէջ տեղ գտած պառակտումներով, ատելութեան ու անհանդուրժողութեան դրսեւորումներով։ Ցաւօք, Նոր Տարի մուտք կը գործենք նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասին թիրախաւորման մտահոգիչ պայմաններու մէջ”,– նշած է Վեհափառ Հայրապետը։

Ան յորդորած է «ամուր եւ աներեր պահել մեր հաւատքը», զինուիլ կամքով ու վճռականութեամբ, արիաբար  դիմադրելու համար դժուարութիւններուն։

“Դժուարին այս շրջանը, անտարակոյս, պիտի յաղթահարենք մեր լոյս հաւատքին, մեր միասնականութեան, հաստատակամութեան ու տոկունութեան շնորհիւ”,– ըսած է ան։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH