«Մեզ կը մեղադրեն, որ թրքասէր եւ ազերպայճանամէտ ենք, մինչդեռ մեր խնդիրը սեփական աչքերով մեր տարածաշրջանն ու միջավայրը տեսնելն ու ճանչնալն է»։ Այս մասին իր Ամանորի ուղերձին մէջ նշած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Բացի ատկէ, Հայաստանի իշխանութիւններուն նպատակն է թոյլ չտալ, որ «մեր տարածաշրջանին հետ առերեսուելու մեր պատմական արդարացուած վախերը օգտագործուին մեզ կառավարելու, խաղցնելու, ինչպէս նաեւ՝ ինքնուրոյն ու ինքնիշխան ըլլալու մեր կամքը կոտրելու համար», ըսած է ան։
Ըստ վարչապետին՝ այդ նպատակին հասած ենք. Հայաստանը անկախ է աւելի քան երբեք։
“2025 թուականը այդ խաղաղ ապագայի, խաղաղութեան առաջին լիարժէք օրացուցային տարին է. մենք ոչ միայն ձեւակերպեցինք Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձուցինք իրական պետութիւն, որ կը գործէ իրական աշխարհի մէջ”,– նշած է ան։
Փաշինեան, ինչպէս եւ Ազգային Ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ու ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, իրենց ուղերձներուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած են Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն վրայ։
Փաշինեան, արձագանգելով միակողմանի զիջումներ կատարելու մեղադրանքներուն, ըսած է, որ Հայաստան բացարձակապէս ոչ մէկ զիջում կատարած է։
Հայաստանի պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան ամրապնդման առումով՝ անցնող 2025-ը թերեւս վերջին տարիներու լաւագոյն տարին էր, շեշտած է ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան։
“Ճիշդ այս տարի մենք մեր երկրին համար գալիք տարիներու, տասնամեակներու եւ գուցէ հարիւրամեակներու համար այնպիսի հիմքեր դրինք, որոնց վրայ սկսած ենք թէկուզ զգուշաւորութեամբ, բայց կառուցել տեսանելի, հասկնալի ապագայ մը մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին համար”,– ըսած է ան։
Սիմոնեանի համաձայն՝ ասոր անկիւնաքարերէն էին Օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընեան համաձայնագիրը եւ Տաւուշի մարզի սահմանազատումը։
ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ նշած է, որ 2025 տարին կարեւոր քայլով մը պիտի յատկանշուի մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։
“Օգոստոս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը քայլ մըն էր դէպի խաղաղութիւն։ Այդ պարզ փաստաթուղթ մը չէր, այլ պատասխանատու որոշում՝ ուղղուած մեր երկրի անվտանգ ապագային, տարածաշրջանային կայունութեան եւ մեր քաղաքացիներու խաղաղ կեանքի հնարաւորութեան”,– ընդգծած է ան։
Նիկոլ Փաշինեան խօսած է նաեւ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին՝ խոստանալով, որ անոնք պիտի ըլլան ազատ, արդար, ժողովրդավարական եւ ժողովուրդը պիտի յաղթէ։
