Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. Յուշ-երեկոյթով մը  մեծարուեցաւ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի յիշատակը

Շաբաթ, Մայիս 7-ին, Ֆրանսայի հայ կաթոլիկներու Փարիզի Ս. Խաչ մայր տաճարին եւ յարակից սրահին մէջ, « Collège arménien » ընկերակցութեան, Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան եւ «Ֆրանքեւհայկական միութիւն» մշակութային ընկերակցութեան միացեալ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի նախկին տեսուչ երջանկայիշատակ Հայր Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանի մահուան Ա. տարելիցին (վախճանած՝ 2021 Ապրիլ 11-ին) նուիրուած յուշ-երեկոյթը։  

Յիշատակի այս ձեռնարկին ներկայ էին թեմիս անդրանիկ առաջնորդ՝ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայր Յարութիւնի աշակերտ, բժիշկ ու բարերար` Ժան-Միշել Էքերեան, ծանօթ պատմաբան՝ Գլօտ Մութաֆեան, ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Ա. Բարսեղեան, Հոգեւոր հայրեր, Վարդապետի հին ուսանողներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մտերիմներ եւ երջանկայիշատակ հոգեւոր հօր յիշատակը յարգելու եկած բազմաթիւ այլ հիւրեր։

Նախ, Սուրբ Խաչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կարճ աղօթք-ժամերգութիւն մը, որուն յաջորդեց մեծ սրահին մէջ, Վարդապետին շատերու անծանօթ երեսակին՝  նկարի՛չ Հայր Յարութիւնի գործերու ցուցադրութիւնը։    

Հայկական քանոնով գողտրիկ մեղեդիներու ունկնդրութենէն եւ երջանկայիշատակ Վարդապետին առնչուող յուզիչ եւ ջերմ յուշերու՝ օրուան պատուոյ հիւրերուն կողմէ պատումէն ետք, ցուցադրուեցաւ 2017-ին asekose.am-ի նկարահանած կարճ հարցազրոյցը եւ ապա ընդունելութեան ընթացքին ալ՝ պաստառին վրայ սփռուեցան մեծարեալին ստեղծագործած 1000-է աւելի կտաւները… 

Ներկայացուեցաւ նաեւ «Վարդապետ» ծրագիրը, որ կը միտի հոգեւոր հօր բազմապիսի  արտադրութիւնը (պատմագիտական ու ճանապարհորդական գրութիւններ, յուշեր, գիրքեր, արուեստի գործեր, ժապաւէններ…) թուայնացնել, մէկտեղել՝  հրամցուելու համար կայքէջի մը վրայ։

Պիտի նկարահանուի նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը «Վարպետ-Վարդապետը» տիտղոսով, որու բեմագրութիւնը կը գտնուի նախապատրաստական փուլին։

Ներկաներուն բաժնուեցաւ փոստային քարտի տեսքով յուշանուէրներ, Հայր Յարութիւնի ստեղծագործած կտաւներէն մէկուն պատկերով: 

Թ.Շ.