ՓԱՐԻԶ — Մեծ շուքով կատարուեցաւ Հայաստանի նոր դեսպանատան պաշտօնական բացումը

WhatsApp Image 2026-04-28 at 17.31.48

Ապրիլ 28-ի երեկոյեան, վերանորոգման աշխատանքներէ ետք, Փարիզի մէջ մեծ շուքով եւ պաշտօնապէս կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան նոր նստավայրին բացումը։ Հանդիսաւոր արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ժան-Նոէլ Պառօ եւ Արարատ Միրզոյեան։

Միջոցառումը տեղի ունեցաւ դեսպանատան ընդարձակ պարտէզին մէջ՝ ներկայութեամբ բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ ստուարաթիւ հիւրերու։

Հանդիսութեան սկիզբը, դեսպանատան բացման ժապաւէնը միասնաբար կտրեցին Ժան-Նոէլ Պառօն եւ Արարատ Միրզոյեանը, որմէ ետք նախարար Միրզոյեան շէնքին ճակատին պարզեց Հայաստանի եռագոյնը։ Արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի փառերգերը նուագուեցան Ֆրանսայի Ազգային պահակախումբին կողմէ։ Որպէս ֆրանքեւհայկական կապերու արմատաւորման խորհրդանիշ՝ երկու նախարարները միասնաբար ծիրանենի մը տնկեցին պարտէզին մէջ։

Ելոյթներով հանդէս եկան Ժան-Նոէլ Պառօն, Արարատ Միրզոյեանը եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեանը։ Անոնց ելոյթները կեդրոնացան երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան ու պետական մակարդակի վրայ հաստատուած ամուր կապերուն շուրջ։

Նշենք, որ դեսպանատան պատմական արժէք ներկայացնող այս նոր կառոյցը, որ կը գտնուի 9-11 rue Bénouville, 75016 Paris հասցէին, ժամանակին եղած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ (1974-1981) Վալերի Ժիսքար տ’Էսթէնի կեցավայրը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առանձնատունը գնած էր 23 միլիոն եւրոյի (որուն մասին 3 Հոկտեմբեր 2024-ին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան), իսկ վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին 2025 Դեկտեմբերին։

Այս գնումով Հայաստան վերջապէս Փարիզի մէջ ունեցաւ իր սեփականութիւնը հանդիսացող նստավայր մը։ Յիշեցնենք, որ մինչ այդ՝ 1995-էն ի վեր, Հայաստանի դեսպանութիւնը կը գործէր պայմանագիրով եւ անվճար տրամադրուած շէնքի մը մէջ, որ սակայն պետութեան սեփականութիւնը չէր հանդիսանար։

Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը եզրափակուեցաւ ճոխ ընդունելութեամբ մը՝ երաժշտական հնչիւններու ներքեւ։

***

Աւելցնենք, որ նախքան դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը, նախարար Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ եւրոպական տարածաշրջանի երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը։

Շ. Ո.