Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան Կի­րակի, Յու­նուար 4-ին պա­տարա­գի մաս­նակցած է Արա­գածոտ­նի մար­զի Օհա­նաւան բնա­կավայ­րի Յով­հաննա­վանք եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Պա­տարա­գը մա­տու­ցած է Արամ քա­հանայ Ասատ­րեանը, որ վեր­ջերս կար­գա­լոյծ հռչա­կուած էր Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.-ի որո­շու­մով։

Վար­չա­պետ Փա­շինեան վեր­ջին շրջա­նին պա­տարագ­նե­րու կը մաս­նակցի Հա­յաս­տա­նի տար­բեր բնա­կավայ­րե­րու եկե­ղեցի­ներուն մէջ։ Ան յայ­տա­րարած է, որ պա­տարագ­նե­րուն կը մաս­նակցի Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման օրա­կար­գի ծի­րէն ներս, զոր ինք որ­դեգրած է իբ­րեւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հե­տեւորդ։

Փա­շինեան նաեւ եկե­ղեց­ւոյ բա­րենո­րոգ­ման ճա­նապար­հա­յին քար­տէս մը ներ­կա­յացու­ցած է, որ, ըստ իրեն, պէտք է կեան­քի կո­չուի Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.-ի հրա­ժարա­կանէն ետք։ ■