Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խմբագրած է Սերկէյ Լաւրովի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնը՝ Փառուխի եւ հայ-ազերպայճանական սահմանազատման վերաբերեալ։ Իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսին Լաւրով անդրադառնալով հայ-ազերպայճանական սահմանազատման հարցին, յիշատակած էր Փառուխը, ուր անցեալ Մարտին Պաքուի ուժերը ներխուժեցին՝ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան։ Այս հարցին անմիջապէս հակազդած էր Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ բանբերը (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Յունիս 11-ի թիւը)։
Այնուհետեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կայքին վրայ հրատարակուած բնագրէն ջնջած է Փառուխի հատուածը՝ գրելով.– «Կը յուսանք, որ հայ-ազերպայճանական սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը կը նպաստէ Պաքուի և Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման եւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ Փառուխի նման միջադէպերու կանխումին»…։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։