Նախարար Միրզոյեանի մեկնաբանութիւնը՝ Սփիւռքին մասին
«Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն շահերը կրնան չհամապատասխանել. մենք պէտք է առաջնորդուինք Իրական Հայաստանի կարիքներով»
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մայիս 6-ին տեղի ունեցած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի ընթացքին պատասխանած հարցումին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու ատեն որքանո՞վ նկատի կ՚ունենան սփիւռքահայութեան կարծիքը:
Խօսելով Սփիւռքի ակնկալութիւններուն եւ պետութեան առաջնահերթութիւններուն տարբերութեան մասին՝ Միրզոյեան նշած է. “Այո՛, մենք ունինք հայկական մեծ սփիւռք, եւ ատիկա կարեւոր լծակ մըն է։ Անոնք մեր հայրենակիցներն են, բայց բոլորս ալ պէտք է հասկնանք, որ անոնք տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ են, եւ անոնց տեսակէտները անպայման չեն համապատասխաներ այլ երկիրներու մէջ բնակող հայերու կարծիքներուն հետ: Օրինակ, վստահ չեմ, որ Աւստրալիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայերուն հետաքրքրութիւններն ու շահերը կը համապատասխանեն Ռուսաստանի մէջ բնակող հայերուն հետաքրքրութիւններուն ու շահերուն: Եւ ամենակարեւորը՝ վստահ չեմ, որ արտասահման բնակող հայերուն հետաքրքրութիւններն ու շահերը կը համապատասխանեն Հայաստանի մէջ բնակող հայերուն շահերուն, հետաքրքրութիւններուն ու կարիքներուն”:
Նախարարը աւելցուցած է, որ այս նիւթով կառավարութիւնը բաց քննարկումներ կ՚ունենայ. “Մենք շատ անկեղծ քննարկում կ՚ունենանք, եւ ես ալ անկեղծ պիտի ըլլամ. մենք պէտք է հասկնանք, որ Սփիւռքի մէկ զգալի հատուածը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն սերունդներն են։ Անոնք ստիպուած էին փախչիլ, ապաստան խնդրել, իրենց կեցութիւնը ապահովել այս վայրերէն շատ հեռու։ Ուստի, սփիւռքահայերէն շատեր կ՚ուզեն տեսնել աւելի մեծ Հայաստան մը, պատմական Հայաստան մը, Հայաստան մը՝ որ փառահեղ ու հարուստ անցեալ ունեցած է։ Բայց այսօր սա երազ է, սա Իրական Հայաստանը չէ: Մենք չենք ուզեր մեր յաջորդ տասնամեակը, դարը կամ հազարամեակը ապրիլ՝ կռուելով մեր դրացիներուն հետ, աւելի մեծ թիւով զոհեր տալ մարտադաշտին վրայ, աւելի մեծ կորուստներ ունենալ, մանաւանդ որ ոմանք հակամարտութեան պատճառով կը հեռանան Հայաստանէն ու լուծումներ կը գտնեն այլ երկիրներու մէջ”։
Միրզոյեան այս խնդիրը համարած է «հետաքրքրական եւ կարեւոր, որ պէտք է խորապէս քննարկել, հասկնալ եւ լուծումներ գտնել»:
“Աւելի քան վստահ եմ, որ այդ լուծումը պիտի գայ: Ես հետզհետէ աւելի շատ ազդակներ կը տեսնեմ սփիւռքահայերէն, որոնք կը սկսին հասկնալ, թէ ի՛նչ կարիք ունի Իրական Հայաստանը: Մենք հիմա աւելի շատ աջակցութեան ձայներ կը լսենք Սփիւռքէն”,– եզրափակած է Արտաքին գործոց նախարարը։
