Search
Close this search box.

ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Մուժումբար գիւղի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը

Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 13-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց կուսանաց տօներուն առիթով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան խումբ մը հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ մեկնած է նախկին հայաբնակ Մուժումբար գիւղը: Թաւրիզէն 50 քմ. դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուի հայ ֆիտայիներու մարտնչական անցեալի պատմութեամբ հարուստ այս գիւղը, ուր տակաւին կանգուն է բերդանման Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին:

4-րդ դարու հիմքեր ունեցող հեթանոսական մեհեանին վրայ 9-13-րդ դարերուն կառուցուած է սոյն հողածածկ եւ երկթեք տանիքով հսկայական տաճարը, որու խորհրդաւոր կամարներուն տակ, նեղ լուսամուտերէն հազիւ ներս կը սողայ արեւու լոյսը:

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Ժամերգութեան ընթացքին հնչած է Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսի հեղինակած «Անձինք նուիրեալք» շարականը, զոր երաժիշտ կաթողիկոսը 7-րդ դարուն յօրինած էր, Սրբոց Հռիփսիմեանց կուսանաց մասունքները պարփակող գերեզմանափոսերու վերանորոգման եւ Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէի հոյակերտ տաճարի կառուցման առիթով:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ պատմականը կատարած է Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց քառասուն կոյսերուն, որոնք Հռովմէական կայսրութենէն հալածական, հասած էին մինչեւ Հայաստան՝ ապաստանելով հնձաններու մէջ:

Սրբազան Հայրը անդրադարձած է նաեւ 20-րդ դարու սկիզբին հայաբնակ Մուժումբարի ապրած տագնապալի դրուագներուն:

Մուժումբար գիւղը հայաթափուած է անցեալ դարու կէսերուն: Ատրպատականի Թուրքերով բնակուած գիւղին նորեկները յարգանքով կը վերաբերին Հայերու ձգած կարեւոր յիշատակին՝ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հանդէպ: Երկրին Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկը եւ Իրանի Հայկական եկեղեցիներու պետական գրասենեակի տնօրէնուհի դոկտ. Շերլի Աւետեան եւս յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն կրօնական սոյն կառոյցին նկատմամբ, ուր ամէն տարի Սրբոց կուսանաց տօնին առիթով տեղի կ՚ունենայ եկեղեցական արարողութիւն:

Ուխտաւոր հաւատացեալները հոգեւորականաց դասին հետ օրուան երկրորդ կէսը անցուցած են գիւղի այգիներուն մէջ, վայելելով Թաւրիզի եկեղեցիներու Կանանց խնամակալ մարմինին ճոխ հիւրասիրութիւնը: