Search
Close this search box.

Դեսպանուհի Անն Լույօ.– ԼՂ-ի ժառանգութեան պահպանութիւնը քննարկուած է Մաքրոնի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին

Դեսպանուհի Անն Լույօ.– ԼՂ-ի ժառանգութեան պահպանութիւնը քննարկուած է Մաքրոնի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին

Յուլիս 11-ին, Հայաստանի մէջ ժառանգութեան վերականգնման ու այդ բնագաւառի մասնագէտներու վերապատրաստութեան ծրագրին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ, ի միջի այլոց յայտարարած է թէ՝ Ֆրանսա անհրաժեշտ կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան հարցով զբաղիլ եւ այդ նիւթը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի իրաւասութեան ներքոյ կը գտնուի։

“Մեր երկրի նախագահը արտայայտուած եւ ըսած է, թէ կը յուսայ որ Ֆրանսայի ջանքերը արդիւնաւէտ կ՚ըլլան ստեղծելու համար այնպիսի պայմաններ, որ ի վերջոյ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւնը իրականութիւն դառնայ”,– նշած է դեսպանուհին, ընդգծելով որ այս հարցը քննարկուած է  Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու Փետրուար 4-ին տեղի ունեցած հանդիպումին։

“Մենք կը կարծենք, որ լաւագոյն ձեւաչափը ԼՂ-ի ժառանգութեան վերաբերեալ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ձեւաչափն է: Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն ներգրաւուի այս հարցին մէջ”,– ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը։