«Ուժեղ Հայաստան»-ը դիմած է ԿԸՅ-ին՝ ընտրութիւններու արդիւնքները չեղեալ յայտարարելու պահանջով
Արամ Վարդեւանեան («Ուժեղ Հայաստան»)
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) դիմում ներկայացուցած է՝ պահանջելով չեղեալ յայտարարել Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները։
Քաղաքական այս ուժի ներկայացուցիչ, երեսփոխանութեան թեկնածու Արամ Վարդեւանեան պնդած է, որ իշխանութեան կողմէ գործի դրուած են վարչական լծակներ։ Ան խօսած է նաեւ քրէական հալածանքներու, վախի մթնոլորտի սերմանման եւ բուն ընտրութեան օրը արձանագրուած խախտումներուն մասին։ Այս առումով, «Ուժեղ Հայաստան» խիստ կասկածելի կը նկատէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ստացած առնուազն 100 հազար քուէները։
Վարդեւանեան համոզում յայտնած է, որ իշխանութեան կուսակցութիւնը իրականութեան մէջ չէ յաղթած, եւ պէտք էր ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան մը կայանար։ Նշենք, որ ԿԸՅ-ն ընդդիմադիր դաշինքի այս դիմումը պիտի քննարկէ Կիրակի օր՝ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներու հրապարակման օրը։
Միաժամանակ, ներկայացուած դիմումին մէջ «Ուժեղ Հայաստան» պահանջած է նաեւ վերաքուէարկութիւն կատարել, որուն գծով Յանձնաժողովը պարտաւոր է առանձին որոշում կայացնելու։ Ըստ Արամ Վարդեւանեանի՝ եթէ վիճարկուող ընտրատեղամասերու արդիւնքները ազդեցութիւն ունին ընտրութեան ընդհանուր ելքին վրայ, ԿԸՅ-ն պարտաւոր է վերաքուէարկութեան դիմելու։
