Խորհրդարանական լիազօրագրերը ստանձնե՞լ, թէ՞ ոչ

Քոչարեան-Կարապետեան-2

Ընդդիմութիւնը տակաւին վերջնական որոշում չունի

Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ընդդիմութեան շարքերուն մէջ լուրջ վէճի եւ քննարկման նիւթ դարձած է երեսփոխանական լիազօրագրերը (մանդատները) ստանձնելու կամ անոնցմէ հրաժարելու հարցը։ Քիչ չեն այն ձայները, որոնք կը պնդեն, թէ ընդդիմութենէն ընտրուած թեկնածուները պէտք է մերժեն ու չստանձնեն այդ լիազօրագրերը՝ այդպէսով խոչընդոտելու համար իշխանութեան բնականոն գործընթացը, զոր անոնք կը նկատեն ապօրինի, կամ առնուազն՝ երկրին համար վնասակար եւ անցանկալի։

Այս ծիրէն ներս, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան յայտնած է, որ լիազօրագրերը ստանձնելու վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չկայ։ Այդ որոշումը պիտի կայացուի ընդդիմադիր այլ ուժերու հետ խորհրդակցելէ ետք։ “Եթէ պայքարը պէտք է շարունակուի, ապա պէտք է օգտագործել բոլոր կարելի գործիքները, իսկ լիազօրագրերը լուրջ գործիք են”,– նշած է ան՝ աւելցնելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի նաեւ փողոցը։

Ըստ Քոչարեանի՝ ներկայի իշխանութեան օրինակարգութիւնը լուրջ կասկածի տակ է, ինչ որ նոր մթնոլորտ կը ձեւաւորէ հանրութեան մէջ. նոյնիսկ իշխանութեան կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկածները «կը տեսնեն կատարուածը»։ Ան համոզում յայտնած է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պիտի մնայ իր իսկ վարած քաղաքականութեան եւ ընտրութիւններուն փլատակներուն տակ։

Դիմում՝ Սահմանադրական դատարան

«Հայաստան» դաշինքը Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի վիճարկէ Սահմանադրական դատարանին մօտ։ Թէեւ Քոչարեան մեծ ակնկալիքներ չունի, սակայն կը կարեւոր կը համարէ գործընթացը՝ ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած խախտումները հանրութեան ցոյց տալու եւ արձանագրելու առումով։

Իր կարգին, ընդդիմադիր միւս ուժի՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտնած է, որ իրենք եւս պիտի դիմեն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով եւ Սահմանադրական դատարան՝ ընտրութիւնները չեղեալ համարելու եւ երկրորդ փուլ նշանակելու պահանջով։ Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք մերժումի պարագային պիտի երթա՞ն խորհրդարան, Կարապետեան շեշտած է. “Մեր հարցը խորհրդարանը չէ, այլ Փաշինեանի հեռացումն է: Եթէ դատենք, որ խորհրդարանի միջոցով աւելի արագ կրնանք հեռացնել զինք, ուրեմն կ՚երթանք խորհրդարան”։