Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թրքական դատարանը չեղեալ նկատած է Անգարայի Ուլուս թաղի հայկական գերեզմանոցի վրայ նախատեսուող շինարարութեան արտօնագիրը

Թուրքիոյ Ճարտարապետերու պալատի Անգարայի մասնաճիւղը դատարան դիմած էր՝ Անգարայի Ուլուս թաղը գտնուող հայ կաթոլիկ գերեզմանոցին վրայ նախատեսուող շինարարութիւնը կասեցնելու նպատակով։ Ըստ երեւոյթին դատարանը ընդառաջած է դիմումին եւ չեղեալ նկատած շինարարութեան արտօնագիրը։ Լուրը կը հաղորդէ «Ակօս»։

Ճարտարապետերու պալատի Անգարայի մասնաճիւղի նախագահ Թեզճան Քարաքուշ Ճանտան մեկնաբանելով դատարանի վճիռը, ըսած է.– “Ուղղակի անընդունելի է խանութներու կառուցումը բոլոր գիտական աղբիւրներու մէջ որպէս հայ կաթոլիկ գերեզմանոց յիշատակուող այս տարածքին վրայ, ուր նաեւ մարդկային ոսկորներ ի յայտ եկած են։ Դատարանի վճիռը ուրախալի է եւ նպաստաւոր՝ հանրութեան համար, սակայն այնտեղի պատմական գերեզմանոցը աւերուած է։ Պէտք է բոլոր պատասխանատուները պատժել՝ սոյն դատավճիռի շրջանակին մէջ”։

«Թերևս նման ոչ էական կեցուածքով թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն “բարեկամական” կեղծ դիմակի տակ թմրեցնել հայութեան զգօնութիւնը եւ իբրեւ թէ հայկական հետքերը պահպանելու միտում ցուցադրել, մինչդեռ, ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ մէջ այսօր եւս կը շարունակուի հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերումը, որ ոչ միայն չ՚արգիլուիր պետութեան կողմէ, այլեւ ընդհակառակն՝ դիտմամբ կ՚անտեսուի ու կը խրախուսուի»,– այս առթիւ կ՚ընդգծէ «Ակօս»։