Ձերբակալուած է Գիւմրիի «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի արձաններուն ոսկեգոյն տառերը քակած անձը
Քրէական եւ համայնքային ոստիկանութիւնը բացայայտած է Գիւմրիի «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի արձաններէն ոսկեգոյն տառերը քակելու եւ անոնց վնաս հասցնելու դէպքը։
Յունիս 11-ին, Գիւմրիի Ղարսի խճուղիին վրայ գտնուող «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի «Հերոս քաղաքներ» արձաններու ոսկեգոյն տառերը քակելու դէպքին առթիւ Համայնքային ոստիկանութեան Մուշի բաժանմունքին մէջ կազմուած փաստաթուղթերը փոխանցուած էին Շիրակի մարզային քննչական վարչութիւն, ուր քրէական գործի նախաձեռնուած էր։
Քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր եւ Շիրակի մարզային վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Համայնքային ոստիկանութեան Մուշի եւ Կումայրիի բաժանմունքներու ծառայողներուն ձեռնարկած ծաւալուն ու համակարգուած գործողութիւններուն շնորհիւ՝ Յունիս 14-ին հաւաստի տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Յունիս 9, ժամը 15-ի սահմաններուն, յուշարձաններուն տառերը փրցուցած է Գիւմրիի Մուշ-2 թաղամասի բնակիչ՝ 41-ամեայ անձ մը։
Նոյն օրը, առաւօտեան, ան յայտնաբերուած, ձերբակալուած եւ փոխադրուած է Քրէական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Շիրակի մարզային բաժին, ուր խոստովանած է իր կատարած արարքը։
41-ամեայ տղամարդն ու կազմուած փաստաթուղթերը ներկայացուած են Շիրակի մարզային քննչական վարչութիւն։ Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
