Փաքիստանի վարչապետը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը
Երկու երկիրներու միջեւ՝ դիւանագիտական աննախադէպ քայլ
Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանն ու «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առթիւ։
Այս շնորհաւորական ուղերձը պատմական եւ աննախադէպ է, քանի որ առաջին անգամն է, որ Փաքիստանի կառավարութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի ընտրութիւններուն յաղթական կողմը։ Յիշեցնենք, որ Փաքիստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են վերջերս՝ 2025 Օգոստոս 31-ին։
«Ձեր վերընտրութիւնը կ՚արտացոլէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին հաւատքն ու վստահութիւնը ձեր ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ ու յառաջադէմ երկիր մը կերտելու ձեր տեսլականին նկատմամբ»,– նշած է փաքիստանցի վարչապետը։
Շարիֆ պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու Փաշինեանի հետ՝ ամրապնդելու համար Փաքիստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները։ «Կը յուսանք, որ ձեր պաշտօնավարման նոր շրջանը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման յառաջխաղացքին»,– նշուած է ուղերձին մէջ։
