«Ազատութիւն».- «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերող հարցումներուն Երեւանի եւ ԱՄՆ-ու դեսպանատան՝ սկիզբը խուսափողական պատասխաններէն ետք, Հայաստանի կառավարական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Յուլիս 15-ին Պըրնզ քանի մը ժամուան համար այցելած է Հայաստան եւ տեսակցած վարչապետին ու Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղարին հետ:
Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Իր կարգին, ԱԽ-ի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պըրնզի հետ հանդիպումին ներկայացուցած է շրջանի խաղաղութեան վերաբերող Հայաստանի քաղաքականութիւնը, երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները՝ յատկապէս անդրադառնալով Հայաստան–Թուրքիա, Հայաստան–Ազերպայճան բանակցային գործընթացներուն։
Նշենք, որ աւելի քան երեք տասնամեակ դիւանագիտական աշխատանք ծաւալած եւ Ռուսաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած Ուիլիըմ Պըրնզ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն նշանակուած էր անցեալ տարուան Մարտին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։