Յետընտրական զարգացումները Հայաստանի մէջ

Յետընտրական

«Ուժեղ Հայաստան»-ը, «Հայաստան» դաշինքը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը որոշած են Ուրբաթ, Յունիս 19-ին դիմել Սահմանադրական դատարան՝ խորհրդարանական ընտրութիններուն արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով:

Արման Թաթոյեանի գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր»-ը նոյնպէս պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան։

Բարձրագոյն դատարանը դիմումները ընդունելէ յետոյ 15-օրուան մէջ պէտք է կայացնէ որոշում:

Սահմանադրական դատարանի մասին օրէնքին համաձայն՝ բարձրագոյն դատարանը կա՛մ պէտք է անփոփոխ թողէ ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին որոշումը, կա՛մ անվաւեր ճանչնալով զայն՝ կայացնէ երեք հնարաւոր որոշում. 

– առաջին՝ «անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններուն արդիւնքները», 

– երկրորդ՝ «անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ վերատեսութեան ենթարկել երեսփոխանական լիազօրագրերու բաշխման կարգը», 

– եւ հուսկ երրորդ՝ «նշանակել ընտրութիւններու երկրորդ փուլ»:

ԿԸՅ-ի որոշումէն ետք վեց կուսակցութիւններ հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ)՝ Կիրակի, Յունիս 14-ի որոշումէն ետք վեց կուսակցութիւններ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ ընտրութիւններուն վերաբերեալ ներկայացուած պաշտօնական տուեալները չեն արտացոլեր ժողովուրդին իրական կամքը եւ ընտրութիւններուն ստոյգ արդիւնքները։ Անոնք կը շեշտեն, որ նման պայմաններու մէջ արձանագրուած արդիւնքները չեն կրնար հիմք հանդիսանալ օրինակարգ եւ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող իշխանութեան մը ձեւաւորման համար՝ աւելցնելով, որ երկրին մէջ կացութեան հետագայ որեւէ սրացման պատասխանատւութիւնը ամբողջութեամբ կ՚իյնայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր վարչախումբին վրայ։ Յայտարարութեան տակ ստորագրած են «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան», «Հայազգային Կոնգրէս» եւ «Ազգային ժողովրդական բեւեռ» կուսակցութիւնները։

Միւս կողմէ, ԿԸՅ-ի նիստին ընթացքին իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն Արուսեակ Ջուլհակեան յայտարարած է, որ ընտրութիւններու ընթացքին լիարժէքօրէն յարգուած է Հայաստանի քաղաքացիներուն ընտրական իրաւունքը։ Ան ընդգծած է, որ եթէ այս ընտրական հոլովոյթին մէջ որեւէ բան համատարած եղած է, այդ մէկը զանգուածային ընտրակաշառքի բաժանումն է։

Անդրադառնալով զարգացումներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս հրապարակած էր տեսանիւթ մը, ուր նշած էր, թէ յառաջիկայ քաղաքական առանցքային օրակարգը չի կրնար այլ բան ըլլալ, քան պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը բառին բուն իմաստով ունեզրկելը։ “Ասոնք պէտք է հացին «կակա» ըսեն, որպէսզի մտքերնէն անգամ չանցնի այլեւս ընտրակաշառք բաժնել. ա՛յս է քաղաքական օրակարգը”,– եզրափակած է վարչապետը։