Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում Քեսապի մէջ

Օգոստոս 28-ին, Քեսապի կաթողիկէ Հայոց Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրիին բացումը` Քեսապի շրջանին Սուրիոյ վերամիաւորման համար երջանկայիշատակ կարդինալին կատարած մեծ միջնորդութեան 83-ամեակին: Այս առիթով պատարագ մատուցած է Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան:

Գերապայծառ Ասատուրեան այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշած է, որ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս-պատրիարքը մեծ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քեսապը եւ անոր շրջակայ գիւղերը սուրիական գերիշխանութեան վերադարձնելու իմաստով` Սուրիայէն բռնախլուելէ եւ 1939-ին Թուրքիոյ միացուելէ ետք: Կարդինալ Աղաճանեան նաեւ պաշտպանած է սուրիական իրաւունքները Ալեքսանտրէթի նահանգին հարցով: Այսքանով չբաւարարուելով՝ ան նաեւ պաշտպանած է ընդհանրապէս պաղեստինեան եւ արաբական դատերը:

Պատարագին աւարտէն ետք ներկայ հոծ բազմութիւնը ուղղուած է եկեղեցւոյ շրջափակ` ներկայ գտնուելու համար երջանկայիշատակ կարդինալի կիսանդրիին բացումին: Խօսք առած է Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ի միջի այլոց ըսած է.- “Հաւաքուած ենք այս օրհնեալ եկեղեցւոյ մէջ արտայայտելու համար մեր յարգանքի եւ գնահատանքի զգացումները այս մեծ Հայուն` Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին նկատմամբ: Շնորհիւ կարդինալ Աղաճանեանի թափած ջանքերուն եւ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անմնացորդ նուիրումին, հայ ազգը արժանացաւ միջազգային ընտանիքի յարգանքին”:

Նշենք, որ Վատիկանի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են յառաջ տանելու համար կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատը: