Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2026-ի Յունուար-Մայիս ամիսներուն աճած է 8%-ով

Տնտեսական աճ

Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած նախնական տուեալներով, 2026-ի Յունուար-Մայիս ժամանակահատուածին Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն բաղդատմամբ, աճած է 8 տոկոսով։ Մայիս ամսուան ցուցանիշը նախորդ տարուան Մայիսին համեմատ կազմած է 111,7 տոկոս։ Տնտեսութեան գլխաւոր մարզերուն մէջ արդիւնաբերութիւնը արձանագրած է 12,2 տոկոսի աճ (1.265,8 միլիառ դրամ)՝ պահպանելով երկնիշ աճի իր ընթացքը, ինչ որ պայմանաւորուած է արտածման, արտաքին պահանջարկի եւ վերամշակող ճիւղերու աշխուժացմամբ։

Շինարարութիւնը ունեցած է ամէնէն բարձր աճը՝ հասնելով 24,1 տոկոսի (207,3 միլիառ դրամ)։ Այս ոլորտը կը շարունակէ մնալ տնտեսական աճի առաջատարը՝ շնորհիւ բնակարանաշինութեան եւ պետական ու սեփական ենթակառուցային մեծ ծրագրերուն։ Միւս կողմէ, առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է ընդամէնը 1,2 տոկոսով (2.569,9 միլիառ դրամ), իսկ Մայիսին գրեթէ աճ չէ արձանագրուած, ինչ որ ցոյց կու տայ ներքին սպառման որոշ դանդաղում։ Փոխարէնը, ծառայութիւններու ծաւալը աճած է 9,1 տոկոսով՝ ի հաշիւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ելեւմտական ծառայութիւններու, զբօսաշրջութեան եւ պանդոկային մարզի աշխուժացման։ Ինչ կը վերաբերի գնաճին, սպառողական գիներու ցուցանիշը կազմած է 104,5 տոկոս, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքինը՝ 108,9 տոկոս։

Ընդհանուր առմամբ, 2026-ի առաջին հինգ ամիսներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը ցոյց տուած է արագացող աճի միտում, ուր ցուցանիշը Յունուար-Ապրիլի 6,9 տոկոսէն բարձրացած է 8 տոկոսի։ Հակառակ առեւտուրի ոլորտին մէջ արձանագրուած զուսպ աճին, մաքրօտնտեսական ընդհանուր պատկերը կը մնայ դրական, իսկ շինարարութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը կը շարունակեն հանդիսանալ տնտեսական աճի գլխաւոր շարժիչ ուժերը։