Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՈՒՐԻԱ – Հալէպի մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը բժշկական օժանդակութիւն տրամադրած է ՍՕԽ-ի դարմանատան

Սեպտեմբեր 3-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան գործակցութեամբ` Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 10-րդ խումբին բժիշկները Սուրիահայ Օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Հալէպի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատան կրկին տրամադրած են բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:

Կեդրոնի պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ ամէնօրեայ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելնուն համար: