Հայ−ռուսական յարաբերութիւնները կը մնան լարուած

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Պայման­նե­րու բե­րու­մով՝ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան Յու­նիս 7-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րէն ետք ար­տա­սահ­մա­նեան իր առա­ջին ու­ղե­ւորու­թիւնը կա­տարեց դէ­պի Իրան՝ ներ­կայ գտնուելու այա­թոլ­լահ Ալի Խա­մենէիի յու­ղարկա­ւորու­թեան։ Թէեւ նա­խատե­սուած էր, որ անոր առա­ջին ու­ղե­ւորու­թիւնը հան­դի­սանար Ռու­սաստան՝ դէ­պի Եքա­թերին­պուրկ, մաս­նակցե­լու հա­մար «Ին­նոփրոմ-2026» մի­ջազ­գա­յին ար­դիւնա­բերա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ բա­նակ­ցութիւններ վա­րելու Ռու­սաստա­նի վար­չա­պետ Մի­խայիլ Մի­շուս­թի­նի հետ։

Ընդհան­րա­պէս, պե­տական մա­կար­դա­կի Հա­յաս­տան-Ռու­սաստան հան­դի­պումնե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Փա­շինեան-Փու­թին մա­կար­դա­կով, սա­կայն ներ­կայ պա­րագա­յին Ռու­սաստա­նի վար­չա­պե­տը փո­խարի­նած է նա­խագա­հը։ Վլա­տիմիր Փու­թին տա­կաւին չէ ըն­դունած Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն ար­դիւնքնե­րը եւ չէ շնոր­հա­ւորած Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը՝ անոր յաղ­թա­նակին առ­թիւ։

Վեր­ջին շրջա­նին Հա­յաս­տան-Ռու­սաստան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վատ­թա­րացած էին, մաս­նա­ւորա­պէս՝ ան­ցեալ Մա­յիսին Երե­ւանի մէջ կա­յացած Եւ­րո­պական քա­ղաքա­կան հա­մայնքի վե­հաժո­ղովին պատճառով։ Այդ ժո­ղովին ըն­թացքին Ռու­սաստա­նի դէմ բազ­մա­թիւ յայ­տա­րարու­թիւններ հնչե­ցին, եւ ի յայտ եկան Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը սահ­մա­նափա­կելու նա­խաձեռ­նութիւններ։ Անոնց կար­գին էին 2020-ի պա­տերազ­մին եւ ան­կէ ետք Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ Ռու­սաստա­նի նեն­գա­միտ վե­րաբեր­ումին մա­սին նա­խագահ Մաք­րո­նի սուր խօս­քե­րը, Ուքրա­ինայի նա­խագահ Զե­լենսքիի այ­ցե­լու­թիւնը, ինչպէս նաեւ Եւ­րո­պական Միու­թեան տրա­մադ­րած նպաս­տը՝ ուղղուած Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովրդա­վարու­թեան ամ­րապնդման եւ Ռու­սաստա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի դէմ մղուող խառ­նա­ձեւ (հիպ­րի­տային) պա­տերազ­մի դի­մադրման։

Ռու­սաստան բազ­միցս յայտնեց, որ Հա­յաս­տան չի կրնար թէ՛ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցիլ եւ թէ՛ միաժա­մանակ ԵԱՏՄ-ի ան­դամ մնալ։ Յստակ է, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան՝ Եւ­րո­պական Միու­թեան եւ անոր ան­դամ եր­կիրնե­րուն հետ կնքած ռազ­մա­վարա­կան դա­շինքնե­րը լրջօ­րէն կը նուազեց­նեն ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ռու­սա­կան կող­մը խստօրէն հա­կազ­դեց՝ սահ­մա­նափա­կումներ դնե­լով հայ­կա­կան գիւ­ղատնտե­սական ապ­րանքնե­րու եւ խմիչքնե­րու նե­րած­ման վրայ, որոնք խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րու նա­խօրեակին լրջօ­րէն ազ­դե­ցին Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քին վրայ՝ մա­նաւանդ հո­ղամ­շակնե­րուն եւ խմիչք ար­տադրող­նե­րուն մօտ տնտե­սական վնա­սի վախ ու դժգո­հու­թիւն յա­ռաջաց­նե­լով։

Այս պայ­մաննե­րուն մէջ, Փա­շինեանի Ռու­սաստան այ­ցե­լու­թիւնը ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նէր։ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը յստակ ու խիստ դիր­քո­րոշում յայտնած էր հայ­կա­կան ապ­րանքնե­րուն հան­դէպ կի­րար­կուող ռու­սա­կան պատ­ժա­միջոց­նե­րուն նկատ­մամբ։ Անոր պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը այն էր, որ եթէ գո­յու­թիւն ու­նի ԵԱՏՄ տնտե­սական միու­թիւնը, ին­չո՞ւ չեն գոր­ծեր ԵԱՏՄ-ի միջ­պե­տական հա­մաձայ­նութիւննե­րը, ուր սահ­մա­նուած են ապ­րանքներու շրջա­նառու­թեան կա­նոն­նե­րը։

Ռու­սաստա­նի վար­չա­պետին հա­մաձայն՝ Մոս­կուան կ՚ակնկա­լէ, որ իր իրա­ւունքներն ու օրի­նական շա­հերը յար­գուին։ Իր հեր­թին, Փա­շինեան կը շեշ­տէ, որ թէ՛ ընտրու­թիւննե­րէն առաջ եւ թէ՛ ան­կէ ետք Հա­յաս­տան յանձնա­ռու եղած է Ռու­սաստա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման՝ նշե­լով. «Մենք հե­տաքրքրուած ենք ԵԱՏՄ-ին մեր մաս­նակցու­թեամբ եւ ԵԱՏՄ-ի պայ­մա­նագրով նա­խատե­սուած գործիքակազմե­րուն՝ սահ­մա­նուած կարգով գոր­ծե­լու ապա­հով­մամբ։ Ես կը կար­ծեմ, որ ասի­կա կը բխի ԵԱՏՄ-ի հե­տագայ զար­գացման շա­հերէն»։

Ռու­սաս­տա­­­նի առեւտրա­կան ար­գելքնե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ Ուրսու­լա ֆոն տէր Լա­յէն Հա­յաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ յա­տուկ նպաստ տրա­մադ­րէ առեւ­տուրը զար­գացնե­լու նպա­տակով, հայ­կա­կան ապ­րանքնե­րուն դի­մաց բա­նայ եւ­րո­պական շու­կան, զա­նոնք ազա­տէ մաք­սա­տուրքե­րէ եւ հայ ար­տադրող­նե­րուն հաս­ցո­ւած վնաս­նե­րուն դի­մաց հա­տու­ցում տրա­մադրէ։

Ուքրաինայի եւ Իրա­նի դէմ պա­տե­րազմնե­րով պայ­մա­նաւո­րուած՝ օրէ-օր Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ աշ­խարհա­քաղա­քական նոր պայ­մաններ կը ստեղ­ծուին, եւ տա­րածաշրջա­նը կը գտնուի արե­ւելք-արեւ­մուտք մի­ջազ­գա­յին նոր կա­պու­ղի­ներ հաս­տա­տելու գոր­ծընթա­ցի մը սկիզբը։

Ժ.Չ. ■