Search
Close this search box.

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ քննարկած է տարածաշրջանային հարցեր

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Սեպտեմբեր 23-ին Լոս Անճըլըսի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Մարիա Մեհրանեանի եւ կառոյցի պատասխանատուներուն հետ։

Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման, տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր։

Նախարար Բաբայեան բարձր գնահատած է կազմակերպութեան ներդրումը Արցախի զարգացման եւ շէնացման գործին, նշելով որ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը գործուն մասնակցութիւն ունեցած է երկրի տարածքին իրագործուած շարք մը ռազմավարական ծրագրերու մէջ։

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան։