Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի խորհրդարանական ուժերու առաջարկով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ կը հրաւիրուի

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հոկտեմբեր 1-ին հանդիպում ունեցած է խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Քննարկուած են Արցախի շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք հնարաւոր քայլերը։

Խորհրդարանական ուժերը առաջարկած են Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի  նիստ հրաւիրել։