Պուշ-տիւ-Ռոնի ծերակուտական Վալերի Պուայէ սուր քննադատութեան ենթարկած է ֆրանսական լրասփիւռներն ու Եւրոպական Միութիւնը՝ Ազերպայճանի կողմէ Հայոց նկատմամբ գործուած վայրագութիւններուն կապակցութեամբ անոնց անգործութեան պատճառաւ։
«Ֆրանսական լրասփիւռներ եւ Եւրոպական Միութիւն, ինչի՞ կը սպասէք բան մը ընելու փոքր եւ ժողովրդավար Հայաստանի համար։ Տիկին վոն տեր Լեյէն, կը սպասէք, որ Ազերպայճանցիներն ու անոնց թուրք դաշնակիցները աւարտի՞ն հասցնեն 1915-ի ցեղասպանութիւնը։
Արդեօք հայկական արիւնը աւելի՞ աժան է, քան Ուքրաինացիներունը»,–գրած է ան թուիթըրեան իր էջին։