Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Արցախի ամբողջ տարածքին Սեպտեմբեր 27 ժամը 11-ին լռութեան վայրկեան կը յայտարարուի, կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն

Արցախի Հանրապետութեան պետական համապատասխան յանձնաժողովի որոշմամբ՝ Սեպտեմբեր 27 ժամը 11-ին, Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կը յայտարարուի մէկ վայրկեան լռութիւն՝ ի յիշատակ 2020 թուականին Ազէրպայճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն:

Արցախի նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցած են, որ նոյն օրը, ժամը 10.30-ին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմին կողմէ Հանրապետութեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս զաւակներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։