Search
Close this search box.

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի յայտարարութիւնը

 

«Վճռականօրէն կը դատապարտենք վերջին օրերուն Հայաստանի հանրապետութեան (ՀՀ) վարչապետի հրապարակային ելոյթներուն մէջ տեղ գտած խիստ վտանգաւոր եւ հակազգային դիրքորոշումներն ու մօտեցումները, եւ այդ հիմքով Փրակայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի համաժողովի շրջանակէն ներս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։

Կը յայտարարենք.

– ՀՀ վարչապետը եւ իշխող վարչախումբը չեն սպասարկեր հայկական շահերը եւ չունին օրինական իրաւագիր Հայաստանի ու հայութեան անունով ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, որ հարցականի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնն ու հայ ժողովուրդի շահերը։

– Միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշերուն կոպիտ ոտնահարումով, մասնաւորապէս ուժի եւ սպառնալիքի կիրարկումով, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի կողմէ բացայայտ յարձակման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման պայմաններուն մէջ՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման ուղղութեամբ որեւէ գործընթացի նախաձեռնում եւ իրականացում անընդունելի է։

– Արցախը իր ինքնիշխանութիւնը հռչակած է միջազգային եւ ներպետական իրաւական կառուցակարգերուն համապատասխան եւ ան սակարկման ենթակայ չէ։

– Հայաստանի հանրապետութիւնը որեւէ պարագայի չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորի կարգավիճակէն։ Նման քայլը անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ Արցախի հայաթափման ու Արցախահայութեան հայրենազրկման։

Կ՝ակնկալենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները հաւատարիմ կը մնան իրենց ստանձնած լիազօրագրին ու պարտաւորութիւններուն եւ հետեւողական կ՝ըլլան հռչակուած սկզբունքներուն հիման վրայ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով։

Կոչ կ՝ուղղենք հայ ժողովուրդին չտրուելու իշխանութեան կողմէ սերմանուող պարտուողական տրամադրութիւններուն, չյուսահատելու, համախմբուելու ազգային ուժերուն շուրջ, եւ բեկանելու իրավիճակը, որ կ՚ենթադրէ արմատական փոփոխութիւններ երեք հիմնական ուղղութիւններով.

ա) Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումով համահայկական զօրաշարժի իրականացում,

բ) պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրներու լուծում,

գ) կենսական զիջումներու բացառման ուղղուած արտաքին զօրակցութեան ապահովում:

Այս առաջնահերթ խնդիրներուն լուծումը հնարաւոր է միայն ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային։

Մենք վճռական ենք, յստակ կը պատկերացնենք մեր ընելիքները եւ կոչ կ՝ընենք միասնական պայքարի։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

2022 Հոկտեմբեր 8»

Խմբագրական