Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Դեսպանուհի Տոլմաջեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհիին հետ

 

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի Եաէլ Պրաուն-Փիվէ Հոկտեմբեր 13-ին ընդունած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանը։

Դեսպանուհին Ազգային ժողովի նախագահուհիին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին սատար հանդիսանալու եւ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած անոր ջանքերուն համար, հանգամանօրէն անդրադարձած է թէ՛ 2020-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած պատերազմին, թէ՛ ալ՝ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի յարձակման եւ այդ երկրին կողմէ կատարուած ռազմական յանցագործութիւններուն։

Կողմերը ընդգծած են միջազգային միասնական արձագանգի կարեւորութիւնը՝ նախայարձակ պետութեան ոտնձգութիւնները կասեցնելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու տեսանկիւնէն։