Փաշինեանն ու Զելենսքին քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները
Օգոստոս 12-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին համաձայն՝ անոնք միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներուն շուրջ՝ ընդգծելով կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան յառաջ մղման կարեւորութիւնը:
Փաշինեանն ու Զելենսքին քննարկած են նաեւ Հայաստան-Ուքրաինա երկկողմանի գործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։
Ուքրաինայի նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելուն առիթով։
Զրոյցին մասին իր թելեկրամեան ալիքին վրայ գրած է Վոլոտիմիր Զելենսքին՝ նշելով, որ Ուքրաինայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը դառնան աւելի կառուցողական. «Կարեւոր է, որ մեր միջեւ շարունակական երկխօսութիւն ըլլայ»,– նշած է ան։
Ուքրաինայի նախագահը ընդգծած է, որ զրոյցի ընթացքին քննարկած են իր՝ Հայաստան կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հետագայ համագործակցութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները:
Նախօրդ օր ալ Հայաստանի եւ Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Անտրի Սիպիհան հեռաձայնային զրոյց ունեցած էին՝ միտքեր փոխանակելով տարածաշրջանային իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ու Արտաքին գործոց նախարար Անտրի Սիպիհան Հայաստան կը գտնուէին Մայիսի սկիզբը՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրէն ներս։
