Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակիցներ «անբաղձալի անձ» յայտարարուած են «իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող, 1961-ի Վիեննայի համաձայնագրին հակասող գործունէութեան պատճառով»։
Այս կապակցութեամբ Դեկտեմբեր 26-ին դեսպանուհի Անն Պուայոնը Նախարարութիւն հրաւիրելով անոր ուշադրութեան յանձնուած է, որ երկու դիւանագէտները պէտք է 48 ժամուան մէջ լքեն երկիրը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։