Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ 

Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

«Երբ ականատես կ’ըլլանք Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց, մեր սիրտերը կը լեցուին խոր վշտով եւ մտահագութեամբ՝ բոլոր տառապողներուն համար։ Մասնաւորապէս մեզ կը յուզէ Հայ քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու ծանր վիճակը, որոնք սերունդներ շարունակ ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915 թուականի սարսափելի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք։ Սուրիա եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ հայու տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է։ 

Այսօր, Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը դարձեալ վտանգի ենթարկուած է բռնութեան եւ քաոսի պատճառով, որ ցաւալիօրէն կը պատուհասէ տարածաշրջանը։ Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերուն համար, որոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են։ Անոնք պարզապէս ցեղային խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատւութեան համար շարունակուող պայքարի սուրբ վկաներն են։  

Սուրիոյ մէջ գտնուող Հայերը, որոնցմէ շատեր կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ դիմակայած են։ Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը Ցեղասպանութենէն ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ աշխուժօրէն նպաստած են Սուրիոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցուածքին։ Բայց եւ այնպէս անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանքի առջեւ։ Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակի տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ։

Կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն, անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ։ Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ Մերձաւոր Արեւելեքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են․ ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր շարունակ։ Սուրիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու անվտանգութիւնը պէտք չէ անտեսուի կամ դիտարկուի որպէս երկրորդական խնդիր տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժերու ենթախորքին վրայ։ 

Թող Աստուած օրհնէ Հայ ժողովուրդը եւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող Անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սուրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Կ’աղօթենք այն օրուան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարողանան ապրիլ իրենց համայնքներուն մէջ ներդաշնակ եւ ապահով՝ առանց կրօնական հալածանքներու»։ 

ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ